Քրտամէտ կուսակցութեան ընտրահաւաքին ընթացքին պայթումներ 3 զոհ պատճառեցին

By Asbarez | Tuesday, 09 June 2015

 

0609Dikranagerd

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Առնուազն երեք զոհ եւ մօտաւորապէս 300 վիրաւոր արձանագրուեցաւ, երբ Տիգրանակերտի մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրական հաւաքին ընթացքին երկու պայթումներ տեղի ունեցան:

Հազարաւորներ կը մասնակցէին Յունիս 7ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ կուսակցութեան վերջին հաւաքին:

Կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ դատապարտեց յարձակումը, միաժամանակ ան զսպուածութեան կոչ ուղղեց:

Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու խոստացաւ պայթումներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարել: <<Յստակ չէ, թէ ասիկա յարձակու՞մ է, թէ արկած: Պատճառը պիտի բացայայտենք>>, ըսաւ ան:

Աւելի ուշ, ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ հերքեց այն լուրերը, թէ պայթումները ելեկտրածինի մը խանգարումին պատճառով էին:
Պայթումները տեղի ունեցած են այն պահուն, երբ Տեմիրթաշ կը պատրաստուէր ամպիոն բարձրանալ եւ ընել իր ճառախօսութիւնը։ Անշուշտ Տեմիրթաշ չկրցաւ խօսիլ եւ հանրահաւաքը ջնջուեցաւ։
<<Բոլոր ազդանշանները ցոյց կու տան, որ պայթումները դիտումնաւոր կերպով դրուած պայթուցիկներէ եկած էին եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան դէմ խափանարարութիւնը շատ յստակ էր։ Հետաքրքրական է, որ մինչ բոլոր միւս կուսակցութիւններուն միջեւ պայքարը կը մնայ խօսքի ու բանավէճի մակարդակին վրայ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան դէմ պայքարը իջած էր զինեալ յարձակումի ու ահաբեկչական խափանարարութեան մակարդակ։ Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ որոշ շրջանակներ իսկապէս սկսած են մտահոգուելու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան վերջին յառաջընթացէն>>, գրած է <<Մարմարա>>։

 

comments