By Asbarez | Thursday, 11 June 2015
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Սուրիոյ սահմանակից Արսալի բարձունքներուն վրայ <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի ահաբեկիչներուն դէմ <<Հըզպալլա>>ի տասը օր առաջ սկսած զինեալ գործողութեամբ կարելի եղած է այդ խմբաւորումին հակակշիռին տակ եւ լիբանանեան հողերուն մէջ գտնուող տարածքին մեծ մասը ազատագրել, որմէ ետք, <<Հըզպալլա>> անցած է գործողութեան երկրորդ հանգրուանին՝ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներուն դէմ պատերազմին։
Յունիս 9ին, <<Հըզպալլա>>ի եւ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներուն միջեւ բախումներ արձանագրուեցան Ռաս Պաալպեքի մօտերը, որոնց ընթացքին քանդուած են իսլամ ծայրայեղականներուն պատկանող երկու զրահապատներ:
<<Հըզպալլա>>ի մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ Քաայի եւ Նաայմաթի բարձունքներուն վրայ գտնուող <<Իսլամական պետութեան>> դիրքերը, տասնեակներով զոհեր ու վիրաւորներ պատճառելով:
Արսալի բարձունքներուն վրայ սպաննուած է նաեւ Քալամունի մէջ <<Իսլամական պետութեան>> պատասխանատուներէն Ապու Ուալիտ Սէուտին:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը եւս ուղղաթիռներով ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի վերեւ գտնուող <<Իսլամական պետութեան>> դիրքերը, քանդելով զրահապատներ եւ պատճառելով զոհեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ