Տեմիրթաշ կը քննադատէ Տիգրանակերտի յարձակումներուն նկատմամբ իշխանութեանց անտարբերութիւնը

By Asbarez | Friday, 12 June 2015

Halkların Demokratik Partisi (HDP) Eş Genel Başkanı Selahattin Demirtaş, partisinin TBMM’de gerçekleştirilen grup toplantısına katılarak konuşma yaptı.    (Halil Sağırkaya - Anadolu Ajansı)

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան եւ անուղղակի կերպով քիւրտ հաւաքականութեան տարած վերջին յաղթանակէն ետք, Տիգրանակերտի մէջ անկայուն վիճակ ստեղծուած է։ Յայտնի է, որ զանազան ուժեր նոր գրգռութիւններու կը դիմեն՝ ջանալով ստուերի մէջ ձգել կամ կերպով մը տկարացնել կուսակցութեան արձանագրած յառաջընթացը։

Յարձակումներուն վերջինին զոհ գացած էր բարեսիրական <<Իհյա Տեր>> կազմակերպութեան նախագահ Այթաչ Պարանն ու երեք ուրիշներ։ Ըսուեցաւ, որ այս յարձակումը կազմակերպուած էր <<Հըզպուլլահ>>ի անդամներուն կողմէ, որ քիւրտ անջատողականները զսպելու նպատակով իշխանութեանց կազմած ապօրինի խմբաւորում մը կը նկատուի։ Քաղաքին մէջ յաճախակի կերպով կը լսուին կրակոցներու ձայներ եւ կարգ մը տուներու դրան վրայ խաչ դրուած ու դրան առջեւ փամփուշտ ձգուած է։

Կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ քննադատեց Տիգրանակերտի մէջ վերջին քանի մը օրերու յարձակումներուն նկատմամաբ իշխանութիւններուն ցուցաբերած անտարբերութիւնը։ <<Երբ այսպիսի շատ լուրջ դէպքեր կը պատահին, մէջտեղը ո՛չ հանրապետութեան նախագահը կայ, ոչ ալ վարչապետը։ Սպաննուողը մենք ենք, ամբաստանուող կողմն ալ մենք ենք, եթէ պիտի չկարենան իրենց գործը ընել, թող ձգեն ու հեռանան>>, յայտարարեց Տեմիրթաշ։

 

comments

Advertisement