Պարզանի կ՛ողջունէ Թուրքիոյ քրտամէտ կուսակցութեան յաջողութիւնը

By Asbarez | Friday, 12 June 2015

President of Iraq's autonomous Kurdistan region Massoud Barzani speaks during a joint news conference with French President Francois Hollande in Arbil September 12, 2014.  REUTERS/Azad Lashkari

 

ԷՐՊԻԼ, <<Ռոյթըրզ>> - Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի ողջունեց Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան յաջողութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին՝ նշելով. <<Ընտրութիւններուն յաջողութիւնը փաստ է, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը հասունութեան բարձր մակարդակի հասաւ>>:


<<Ուրախ եմ, որ քիւրտերը ժողովրդավարական մթնոլորտի մէջ, քաղաքական կուսակցութեան մը ճամբով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պիտի ներկայացուին: Ատիկա կարեւոր իրագործում մըն է խաղաղութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ>>, ըսաւ Պարզանի՝ յոյս յայտնելով, որ անիկա <<պատճառ կը դառնայ Թուրքիոյ մէջ եղբայրութեան ու խաղաղութեան ոգին ընդարձակելու եւ խորացնելու, ինչպէս նաեւ կ՛առաջնորդէ՝ հալածանքի, ժխտումի եւ խտրականութեան հետեւանքներու ջնջման>>:

 


comments

Advertisement