Արցախը քանի մը տարիէն պիտի արտածէ մեծ քանակութեամբ ձուկ եւ ձկնկիթ

By Asbarez | Saturday, 13 June 2015

0613caviar

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան՝ գիւղատնտեսութեան ոլորտի պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ, 12 Յունիսին այցելած է Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջաններ՝ բերքահաւաքի եւ տնտեսական ծրագիրներուն ընթացքին ծանօթանալու նպատակով:


Վարչապետին առաջին կանգառը եղած է <<Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան>> հիմնադրամի՝ Ասկերանի մթերման կեդրոնը, ուր այս օրերուն կը մթերուի գարիի բերքը: Ա. Յարութիւնեան պատասխանատուներէն ծանօթացած է կատարուող աշխատանքներուն մասին: Ասկերանի վարչակազմի ղեկավար Սերգէյ Գրիգորեանի ընկերակցութեամբ՝ կառավարութեան ղեկավարը մեկնած է շրջանի դաշտեր եւ, տեղւոյն վրայ ծանօթանալով աշխատանքներուն, գոհունակութիւն յայտնած է հունձքի եւ հրդեհի կանխարգիլման նախաձեռնութիւններուն համար։


Վարչապետը Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Խաչատրեանի հետ այցելած է նաեւ սահմանամերձ Մատաղիսի եւ Թալիշի դաշտեր, ուր, բացի աշնանացան մշակաբոյսերու բերքահաւաքէն, գարնանացան երկրագործական մշակման աշխոյժ աշխատանքներ կը կատարուէին: Ա. Յարութիւնեան ծանօթացած է համագործակցականի հիման վրայ իրականացուող աշխատանքներուն, տուած է համապատասխան յանձնարարականներ:


Արա Յարութիւնեան այնուհետեւ այցելած է <<Golden-fish>> ընկերութեան կողմէ Մատաղիսի մէջ սեւ ձկնկիթի արտադրութեան համար կառուցուող ձկնաբուծարան, ուր արդէն մանրաձկան առաջին խմբաքանակը դրուած է: Վարչապետը շրջագայած է նորակառոյց ձկնաբուծարանի տարածքին մէջ, ընկերութեան ներկայացուցիչները անոր ծանօթացուցած են կատարուած աշխատանքները։ Պատասխանատուներուն համաձայն՝ ձեռնարկութիւնը շուրջ 3 տարիէն կը սկսի արտածելու մեծ քանակութեամբ ձուկ, իսկ 5 տարիէն՝ սեւ ձկնկիթ:


comments

Advertisement