Նախագահ Էրտողան կը փորձէ անկողմնակալութիւն քարոզել

By Asbarez | Saturday, 13 June 2015

 

0603AKP

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ խորհրդարանական ընտրութեանց նախորդող շրջանին ծանր քննադատութիւններու նշաւակ դարձած էր իր կողմնակալ ելոյթներով ու իր խօսակցութեան ծանր ոճով, Յունիս 11ին յայտարարեց, որ ընտրութենէն առաջ տարբեր համայնապատկեր մը կար, իսկ ընտրութենէն ետք տարբեր համայնապատկեր մը ստեղծուեցաւ։ <<Ժողովուրդը ոչ մէկ կուսակցութեան տուաւ առանձինն կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ կառավարութիւնը պէտք չէ կազմուի>>, ըսաւ ան։ Նախագահը՝ ընտրութենէն առաջ յաճախակի կերպով խօսելով հանդերձ, ընտրութենէն ետք երկարատեւ լռութիւն պահեց ու չտեսնուեցաւ հրապարակի վրայ։ Յունիս 11ին այդ լռութիւնը խզելով, ան մասնակցեցաւ Անգարայի Առեւտրական գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած հանդիսութեան մը։ Ան ըսաւ, որ պէտք չէ արտօնել, որ այս կամ այն քաղաքական նոր զարգացումը արգելք հանդիսանայ այն ծրագիրներուն, որոնք ընթացքի մէջ են։ <<Քաղաքական ոչ մէկ կազմակերպութիւն <<ես>> ըսելու իրաւունք ունի, հիմա <<մենք>> ըսելու ժամանակն է։ Ուրեմն ամէն մարդ պէտք է մէկդի դնէ իր <<ես>>ը ու պէտք է իր նպաստը բերէ մեր երկրին նոր կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն>>, պնդեց ան։

Համախոհական առողջ կառավարութեան մը հիմնումին համար իր կարելին ընել խոստանալով, նախագահը ըսաւ, որ արդէն իսկ հանդիպում մը ունեցած է խորհրդարանի ամէնէն երէց անդամը՝ Տենիզ Պայքալի հետ, որ անդամ է ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան եւ անոր նախկին կուսացապետը։

Իր ելոյթին վերջին մասին մէջ Էրտողան քննադատեց արեւմտեան մամուլը՝ աւելցնելով. <<Եթէ զիս քննադատեն, կը հասկնամ, որ ճիշդ ճամբու վրայ եմ, մինչ եթէ զիս գովաբանէին, այն ատեն ես ինձմէ պիտի կասկածէի>>։

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Ահմետ Տաւութօղլու հարցազրոյցի մը ընթացքին դարձեալ յայտարարեց. <<Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ համախոհական կառավարութիւնը վնաս է Թուրքիոյ համար, սակայն ժողովուրդը համախոհական կառավարութիւն ընտրեց>>:

 


comments

Advertisement