By Asbarez | Tuesday, 16 June 2015
ԱՔՉԱՔԱԼԷ, <<Ա.Էֆ.Թէ.>>- Քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը անցնող շաբաթավերջին գրաւեցին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման ամէնէն հին կեդրոններէն մէկը նկատուող Սլուք գիւղը, որ կը գտնուի Ռաքքայի գիւղական հիւսիսային շրջանին մէջ՝ Թուրքիոյ սահմանին մօտ: Երկու կողմերուն միջեւ բուռն բախումներէն ետք իսլամ ծայրայեղական զինեալները նահանջեցին Թել Ապիատ քաղաք, որ զինուորական գետնի վրայ կը գտնուի անկումի եզրին:
Քիւրտ զինեալները, որոնք արդէն հասած են քաղաքի դռներուն, Յունիս 15ին հաղորդեցին, թէ ամբողջութեամբ շրջապատած են քաղաքը։
Քրտական ուժերը ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերու օդային հարուածներուն օժանդակութեամբ ազատագրած են քաղաքէն արեւելք եւ արեւմուտք գտնուող քսան գիւղեր:
Հազարաւոր քաղաքացիներ բախումներուն պատճառով ուղղուած են դէպի Թուրքիոյ Աքչաքալէ սահմանային անցք, ուր սպասած են մուտք գործելու համար Թուրքիա, սակայն թրքական ապահովական ուժերը նախ ջրարձակ մեքենաներ օգտագործելով եւ օդը կրակելով արգելք հանդիսացած են, որ անոնք Թուրքիա մուտք գործեն:
Աւելի ուշ, թրքական ապահովական ուժեր բացած են սահմանադուռը եւ նախնական տուեալներով՝ արդէն իսկ Թուրքիա մուտք գործած են աւելի քան 3000 սուրիացիներ, վերջին քանի մը շաբաթներուն հոն ապաստանածներուն թիւը 16,000ի հասցնելով։ Գաղթականներուն մէկ մասը տեղաւորուած է Ուրֆայի ազգականներու մօտ, իսկ մնացեալը՝ ճամբարներու մէջ։
Թուրքիոյ վարչապետի օգնականներէն Նուման Գուրթուլմուշի կարծիքով՝ հարիւր հազար սուրիացիներ կրնան կուտակուիլ Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ։
Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Թել Ապիատ շրջանին մէջ քրտական ուժերուն արձանագրած յառաջխաղացքին առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնեց: Ան պնդեց, որ այդ ուժերու յառաջխաղացքին ընթացքին թիւրքմեններն ու արաբները յարձակումներու թիրախ կը դառնան:
Նշենք, որ Թել Ապիատի մէջ գոյութիւն ունէր հայկական փոքր համայնք եւ եկեղեցի: Ծայրայեղականներու կողմէ քաղաքին գրաւումէն ետք հայերը հեռացան: Թել Ապիատի հայկական Ս. Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 1930-1932 թուականներուն: 1974ին, վերանորոգուած է եւ վերստին օծուած՝ Սեպտեմբեր 14, 1975ին: Երկրորդ վերանորոգութիւնը իրականացած է 1996ին: Շրջափակէն ներս կը գործէր Ս. Խաչ կիրակնօրեայ դպրոցը:
Ամէն տարի, Խաչվերացի տօնին, ժողովրդային ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ս. Խաչ եկեղեցի: Քաղաքին գրաւումէն ետք եկեղեցին հրկիզուած է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ