By Asbarez | Tuesday, 16 June 2015
ԱՆԳԱՐԱ, <<Երկիր Մեդիա>> - Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը (CHP) առաջարկած է համախոհական կառավարութիւն կազմել ոչ թէ իշխող կուսակցութեան հետ գործակցելով, այլ բացառապէս ընդդիմադիր կուսակցութիւններով:
<<Ընտրութիւններէն ետք իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն միջեւ խորհրդարանական տեղերու յարաբերակցութիւնը մօտաւորապէս 40ով 60 է: Հետեւաբար, կառավարութիւն ձեւաւորելու պարտականութիւնը 60 տոկոսանոց մասին (ընդդիմութեան) վրայ է>>, ըսած է կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլու:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 7ի ընտրութիւններուն արդիւնքով, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ամենաշատ ձայները ստացաւ, սակայն կորսնցուց խորհրդարանին մէջ իր բացարձակ մեծամասնութիւնը:
Նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան զգուշացուցած է, որ եթէ ընդդիմութեան հետ կառավարութիւն ձեւաւորելու ջանքերը ձախողին, ապա արտահերթ ընտրութիւնները անխուսափելի պիտի ըլլան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ