Պաքու կը սպառնայ անպատասխան չձգել Գերմանիոյ խորհրդարանի «ոչ բարեկամական» բանաձեւը

By Asbarez | Tuesday, 16 June 2015

ՄՈՍԿՈՒԱ - <<Իթար-Թասս>> կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու եւ միջխորհրդարանական կապերու հարցերով յանձնախումբի անդամ Ռասիմ Մուսապեկով, Եւրոպական խաղերուն կապակցութեամբ Պաքու գտնուող ռուս երեսփոխաններու պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկրին խորհրդարանը անպատասխան պիտի չձգէ Յունիս 12ին Գերմանիոյ խորհրդարանին վաւերացուցած <<Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան պահանջ>> խորագրուած բանաձեւը:


<<Մենք դէմ չենք մարդկային իրաւունքներու հարցերով երկկխօսութեան եւ պատրաստ ենք այդ նիւթը քննելու եւրոպացի գործընկերներու հետ, մանաւանդ, որ մենք եւս ըսելիք ունինք այդ խնդիրին շուրջ, մասնաւորաբար՝ Եւրոպայի երկիրներուն մէջ հակաիսլամ շարժումներու վերաբերեալ: Սակայն, մենք դէմ ենք միակողմանի մօտեցումին, մեզ իբրեւ անխելք աշակերտներ ներկայացնելու փորձերուն, յատկապէս անոնցմէ, որոնց պէտք է դասեր տալ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ>>, աւելցուցած է ան:

Գերմանիոյ իշխող դաշնակից կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ որդեգրուած բանաձեւին մէջ մտահոգութիւն կը յայտնուի Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու պարբերական խախտումներուն, ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու դէմ ճնշումներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներուն առնչութեամբ:


Բանաձեւի վաւերացման հետեւանքով, Պաքուի մէջ Եւրոպական խաղերուն համար խնդրուած գերմանական <<Էյ.Առ.Տի.>> պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հաւատարմագիրը մերժուած է:


Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Գերմանիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատունը բողոք արտայայտած են Գերմանիոյ այս <<ոչ բարեկամական>> բանաձեւին առնչութեամբ, որ չի համապատասխաներ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ոգիին>>:

comments