Տը Միսթուրա-Մուալլեմ հանդիպում՝ Դամասկոսի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 17 June 2015

0617Mistura-Muallem

 

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Յունիս 15ին այցելեց Դամասկոս՝ քննարկելու համար Ժընեւի խորհրդակցութեանց շուրջ առնչակից կողմերուն հետ կատարած իր հանդիպումները:


Տը Միսթուրա հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետ: Հանդիպումէն ետք Մուալլեմ ըսաւ, որ Դամասկոս կ՛աջակցի ՄԱԿի պատուիրակին քաղաքական լուծման ուղղութեամբ տարած աշխատանքներուն, շեշտելով Մոսկուայի հանդիպումներուն ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ <<Ժընեւ 3>>ը յաջողցնելու համար զանոնք շարունակելու կարեւորութիւնը:


Իր կարգին, տը Միսթուրա ներկայացուց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու համար Ժընեւի մէջ վերջերս իր կատարած քննարկումներուն արդիւնքներուն մանրամասնութիւնները:

 


comments

Advertisement