Քրտական ուժերը գրաւեցին Թել Ապիատը

By Asbarez | Wednesday, 17 June 2015

0617Tal Abyad

ԱՔՉԱՔԱԼԷ, <<Ա.Էֆ. Փէ.>> -  Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կռուող քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերու հրամանատարութիւնը Երեքշաբթի, Յունիս 16ին հաղորդեց, թէ քրտական ուժերը կրցած են ամբողջութեամբ գրաւել Թել Ապիատ քաղաքը, այնտեղէն դուրս մղելով <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները։

Թուրքիոյ սահմանակից քաղաքը կը գտնուի ահաբեկչական խմբաւորման պարենաւորման ամէնէն կարեւոր անցքերէն մէկուն վրայ եւ Սուրիոյ մէջ անոր <<մայրաքաղաք>>ը նկատուող Ռաքքայէն մօտաւորապէս 50 մղոն հեռու է:

Քրտական ուժերը, ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերու օդային հարուածներուն օժանդակութեամբ, ազատագրած էին քաղաքէն արեւելք եւ արեւմուտք գտնուող քսան գիւղեր:
Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ <<մօտիկ ապագային>> պիտի ազատագրուի նաեւ Ռաքքան։

ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն՝ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ սաստկացած բախումներուն հետեւանքով, Յունիս ամսուան ընթացքին Սուրիայէն Թուրքիա անցած են մօտաւորապէս 23,000 գաղթականներ եւս։

 


comments