By Asbarez | Thursday, 18 June 2015
Շաբաթ, 13 եւ Կիրակի, 14 Յունիսին, Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչները յատուկ պատուիրակութեամբ՝ գլխաւորութեամբ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Դամասկոսի մէջ մասնակցեցան Ասորի եկեղեցւոյ միւռոնի օրհնութեան եւ ծիսական շարք մը արարողութիւններու: Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական աննպաստ կացութեան, սոյն երկօրեայ արարողութիւններուն մասնակից դարձան տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին Սուրբ Էջմիածինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնները՝ յանուն երկու աթոռներու վեհափառներուն՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն:
Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորող Գեղամ արք. Խաչերեան յընթացս հանդիսութեան արաբերէն լեզուով ընթերցեց Արամ Ա. վեհափառին եղբայրական սիրոյ եւ ողջոյնի խօսքը՝ ուղղուած Ասորի եկեղեցւոյ պետ Մար Իգնատիոս Եփրեմ Բ. պատրիարքին եւ հոգեւոր սինոտին: Իր գրած ողջոյնի խօսքին մէջ հայրապետը յատուկ անդրադարձ կատարեց Հայոց եւ ասորիներու Ցեղասպանութիւններուն, իբրեւ ճակատագրակից ժողովուրդներ: Նոյն առիթով, վեհափառը շնորհաւորեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցին՝ համագործակցութեան նոր հորիզոններու հեռանկարով:
Յաւարտ Ս. արարողութեան, Ասորի եկեղեցւոյ պետը ճաշկերոյթով պատուեց ներկայ հիւրերը, որոնց միջոցով իր երախտագիտութիւնն ու եղբայրական ողջոյնները յղեց հանդիսութեան մասնակից բոլոր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ