By Asbarez | Friday, 19 June 2015
ՉԱՐԼՍԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Չորեքշաբթի, Յունիս 17ի գիշերը, Հարաւային Քարոլայնայի Չարլսթըն քաղաքի սեւամորթ բողոքականներու պատմական եկեղեցւոյ մէջ, 21ամեայ սպիտակամորթ զինեալ մը սպաննած է 9 հոգի, որոնց հետ մօտաւորապէս մէկ ժամ Ս. Գրային սերտողութիւն կատարած էր։
Զինեալը կրցած է իր ինքնաշարժով փախուստ տալ ոճիրի վայրէն, սակայն ոստիկանութիւնը կրցաւ զայն ձերբակալել Հինգշաբթի օր, Հիւսիսային Քարոլայնայի Շելպի քաղաքին մէջ, ոճիրէն մօտաւորապէս 14 ժամ ետք։
Ոստիկանութիւնը ցարդ չէ բացայայտած զոհերուն անունները, սակայն յստակ դարձած է, որ զոհերուն մէջ եղած է նահանգային Ծերակոյտի անդամ մը, որ եկեղեցւոյ պատուելիներէն մէկն էր։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ