By Asbarez | Friday, 19 June 2015
ԱՔՉԱՔԱԼԷ, <<Ա.Էֆ.Թէ.>> - Հիւսիսային Սուրիոյ սուրիացի ու քիւրտ գործիչներ Հինգշաբթի, Յունիս 18ին հաղորդեցին, որ թրքական բանակը Թել Ապիատի Թուրքիա-Սուրիա սահմանային անցքին վրայ հողաթումբեր կը կանգնեցնէ ու Թուրքիա ապաստանած ու Թել Ապիատի ազատագրուէն ետք վերադառնալ փափաքողներուն դիմաց սահմանը փակած է։
Յունիս 17ին, հազարէ աւելի գաղթականներ Թուրքիայէն Թել Ապիատ վերադարձած էին, սակայն Հինգշաբթի օր քանի մը հարիւր քաղաքացիներ չեն կրցած սահմանէն անցնիլ։
Միւս կողմէ, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը՝ խուզարկութիւն կատարելու նպատակով, շրջանի 20 գիւղերու բնակիչներուն կոչ ուղղած են հեռանալու իրենց գիւղերէն:
Գիւղերուն մէջ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներու փնտռտուքին կողքին, պիտի կատարուին անոնց կողմէ լարուած ականներու վնասազերծում: Ջոկատները բնակիչներուն թելադրած են առանց իրենց ցուցմունքին չվերադառնալ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ