By Asbarez | Friday, 19 June 2015
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ Յունիս 7ի ընտրութիւններէն ետք քաղաքական ներքին կեանքի հորիզոնին վրայ ստեղծուած քաոսային վիճակը կը մնայ օրակարգի առաջին գիծի վրայ։
Տրուած ըլլալով, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կորսնցուցած է առանձինն կառավարութիւն կազմելու կարելիութիւնը, կառավարութիւն մը կազմելու հարցը սակարկութեան նիւթ դարձած է խորհրդարանէն ներս մուտք գործած քաղաքական չորս կուսակցութիւններուն միջեւ, համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու համար։
Քաղաքական կուսակցութիւններու ընտրապայքարին ընթացքին իրարու հասցէին կատարուած ծանր ամբաստանութիւնները չեն մոռցուած անշուշտ, ինչ որ կը դժուարացնէ կուսակցութիւններու միջեւ գործակցութիւնը։ Բայց քաղաքական կեանքի մէջ խաղին օրէնքն է մոռնալ անցեալը ու փրկել ներկան։
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար դէմքերը կ՛ափսոսան իրենց արձանագրած կորուստին համար ու նոյնիսկ եթէ գիտեն, թէ ինչո՞ւ իրենց կուսակցութիւնը քուէ կորսնցուց, կը նախընտրեն լռել։ Սակայն, այս մասին որոշ կարծիքներ յայտնեց փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայ, նշելով, որ կառավարութիւնը սխալ ըրաւ քրտական հարցի լուծման գործընթացը ընտրութենէն առաջ կասեցնելով։ <<Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ կուսակցութիւնը քուէ կորսնցնէ>>, ըսաւ ան։ Աթալայ խոստովանեցաւ, որ կառավարութիւնը, յաւելեալ քուէ շահելու համար, դանդաղեցուցած եւ գրեթէ կեցուցած էր քրտական հարցի լուծման գործընթացը, <<սակայն ասիկա ո՛չ միայն քուէ չշահեցուց, այլ նաեւ քուէ կորսնցնել տուաւ>>։
Աթալայ շեշտեց, թէ այս մասին կը խօսի ոչ թէ որպէս կուսակցութեան բանբեր, այլ որպէս պարզ քաղաքացի, ցաւ յայտնելով սխալին համար։ <<Ճիշդ այն պահուն, երբ ամէն ինչ ծրագրուած էր ու հասած էինք զէնքերը վար դնելու կէտին, դժբախտաբար կեցուցինք գործընթացը ու այն տպաւորութիւնը ձգեցինք, որ հարցին լուծումը կը յետաձգէինք կամ բոլորովին կը կասեցնէինք>>, ըսաւ ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ