By Asbarez | Tuesday, 23 June 2015
ՊՈԼԻՍ, <<Անատոլու>>.- Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ բուռն վիճաբանութիւն ծագեցաւ, երբ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի կտրուկ կերպով մերժեց եւ ձաղկեց համախոհական կառավարութեան վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի առաջարկը:
Պահչելի առաջարկը կոչած է <<Չինաստանի մէջ արտադրուած խաղալիք մը>>՝ շեշտելով, որ իր կուսակցութեան համար առաջնահերթը սկզբունքներն են եւ ոչ թէ կառավարական դիրքերը: Իբրեւ առաջնահերթ սկզբունքներ, Պահչելի նշած է, որ քրտական հարցի լուծման խաղաղութեան հոլովոյթը պէտք է կասեցուի, Թուրքիոյ նախագահը պէտք է նորակառոյց նախագահական պալատէն վերադառնայ Չանքայա եւ գործէ սահմանադրութեամբ ճշդուած իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ: Ան նաեւ պահանջեց, որ զեղծարարութեանց հարցով բանտէն ազատ արձակուած չորս նախարարները դարձեալ դատուին:
Նշեալ երկու կուսակցութեանց կողմէ համախոհական կառավարութեան մը կազմութեան համար պայման է խորհրդարանական մեծամասնութիւն գոյացնել, իսկ անոր համար պէտք է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան աջակցութիւնը: Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխաններէն Եուսուֆ Հալաֆօղլու յայտնեց, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող համախոհական կառավարութեան մը <<մաս պիտի չկազմենք>>:
Աւելի ուշ, Պահչելի նշեց, որ համախոհական կառավարութեան մը կազմութեան առաջին ընտրանքը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ կազմուած կառավարութիւն մըն է: <<Եթէ կառավարական տագնապ մը ստեղծուի, ապա ամէնէն առողջ ընտրանքը ժողովուրդին կամքին վերադառնալն է>>, ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Նոյեմբեր 15, 2015ը կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու հաւանական թուական մըն է:
Իր կարգին, Քըլըճտարօղլու անուղղակի կերպով Պահչելիին հակադարձելով՝ յիշեցուց, որ ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններն ալ իրենց ընտրազանգուածին խոստացած էին վերջ տալ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մենատիրական իշխանութեան եւ պայքարիլ զեղծարարութեան դէմ: <<Ահա՛ թէ ինչո՞ւ ուզեցինք ցոյց տալ, որ պատրաստ ենք որեւէ աթոռ զիջելու, որովհետեւ մեզի համար առաջնահերթը սկզբունքներն ու Թուրքիոյ շահերն են: Այլ կուսակցութիւններ կը խօսին այն մասին, թէ որուն հետ կրնան կառավարութիւն կազմել, սակայն մեզի համար կառավարութեան կազմութեան արժէչափը մեր սկզբունքներն ու խոստումներն են>>, ըսաւ ան՝ աւելցնելով. <<Անոնք նոյնիսկ կառավարութեան պատկերացում մը չունին>>:
Միւս կողմէ, <<Հիւրրիյէ>>չ հաղորդեց, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն կազմելու նկատմամբ դրականօրէն տրամադրուած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այդ նպատակին դէմ ցցուած խոչընդոտները վերցնելու ուղղութեամբ գործողութիւններու սկսած է: Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու՝ իշխող կուսակցութեան մէջ քննարկումներ սկսած են Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ անոր առջեւ դրուած երեք հիմնական պայմաններուն շուրջ:
Յիշեցնենք, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Մեւլուտ Քարաքայա յայտնած էր. <<Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը չներառող համախոհական կառավարութեան ընտրանք մը գոյութիւն չունի>>:
Նաեւ, թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ ապագայ կառավարութեան կազմութեան շուրջ իշխող կուսակցութեան մէջ յառաջացած է պառակտում մը, որուն գլխաւոր բեւեռներն են՝ Էրտողան, Տաւութօղլու եւ նախկին նախագահ Ապտիւլլահ Կիւլ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ