Սուրիական բանակը կը մօտենայ Փալմիրի

By Asbarez | Tuesday, 23 June 2015

0623Palmyra

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Սուրիական իշխանութեանց մօտիկ <<Ուաթան>> թերթը Յունիս 22ին հաղորդեց, թէ սուրիական բանակը աստիճանաբար կը մօտնայ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ գրաւուած Փալմիրի՝ անցնող շաբաթավերջին գրաւելով Պայարաթ գիւղաքաղաքը, որ Փալմիրէն միայն 6 մղոն հեռու է։


Միւս կողմէ, Կիրակի օր հաղորդուեցաւ, որ Սուրիոյ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալները ականապատած են Փալմիր քաղաքը, որուն աւերակները ընդգրկուած են <<Եունեսքօ>>ի կողմէ պահպանուող տարածքներու ցանկին վրայ:


Իսլամ ծայրայեղական զինեալներ Փալմիրը գրաւած էին Մայիս 20ին, յառաջացնելով միջազգային ընտանիքի մտահոգութիւնը: Սուրիական բանակը հեռացուցած էր քաղաքի բնակչութեան մեծ մասը:


comments

Advertisement