Յայտնաբերուած է «Իսլամական Պետութեան» դէպի թրքական սահման տանող փապուղին

By Asbarez | Tuesday, 23 June 2015

0623tunnel

ՊՈԼԻՍ - Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ գտնուող սուրիական Թել Ապիատ քաղաքին մէջ, որ աւելի քան 2 տարի կը գտնուէր <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան վերահսկողութեան տակ, յայնտաբերուած է դէպի թրքական սահման տանող մօտաւորապէս 500 մեթրանոց փապուղի մը: Ըստ թրքական <<Հապերլեր>> լրատուական կայքին՝ փապուղին Թել Ապիատ քաղաքէն կը հասնէր մինչեւ թրքական Աքչաքալէ անցակէտ:


Թել Ապիատ ազատագրուեցաւ ամերիկեան օդուժին աջակցութիւնը վայելող քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ:

Նշենք, որ թրքական բանակը Թել Ապիատի կից գտնուող Թուրքիա-Սուրիա սահմանային անցքը վերաբացած է Կիրակի օր, որուն շնորհիւ աւելի քան 500 գաղթականներ եւս վերադարձած են։ Անցեալ շաբաթ հազարէ աւելի գաղթականներ Թուրքիայէն Թել Ապիատ վերադարձած էին, սակայն Հինգշաբթի օր Թուրքիա սահմանը փակած էր, առանց բացատրութիւն տալու:

Նաեւ, <<Ռոյթըրզ>> Երկուշաբթի օր հաղորդեց, թէ քրտական ուժերը շարունակած են յառաջանալ դէպի Իսլամական պետութեան մայրաքաղաքը նկատուող Ռաքքա եւ այժմ միայն 4 մղոն հեռու են Այն Իսայէն, որ, իր կարգին, Ռաքքայէն 30 մղոն հեռու կը գտնուի։


comments