By Asbarez | Tuesday, 23 June 2015

ԼՈՆՏՈՆ, <<Ռոյթըրզ>> - <<Ուիքիլիքս>>, իր հիմնադիր Ժուլիան Ասանժի Լոնտոնի մօտ Էքուատորի դեսպանատուն ապաստանելուն եռամեակին առիթով, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աւելի քան 60,000 փաստաթուղթեր հրապարակեց եւ յայտարարեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին 500 հազար փաստաթուղթ եւս պիտի հրապարակէ՝ նշելով, որ ձեռք ձգած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ պետութիւններու միջեւ հաղորդակցութեանց պատճէնները, ինչպէս նաեւ սէուտական նախարարութեանց պատրաստած գաղտնի զեկուցումներ:
Ըստ այդ փաստաթուղթերէն մէկուն՝ Ուսամա պըն Լատենի որդիներէն Ապտալլա պըն Լատեն Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է 2011ին Փաքիստանի մէջ սպաննուած իր հօր մահուան փաստաթուղթը: Ռիատի մէջ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր հիւպատոս Կլեն Քիզըր պատասխան նամակ մը գրելով՝ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն իրաւաբաններ զինք տեղեակ պահած են, որ այդպիսի փաստաթուղթ մը չէ հրապարակուած: Սակայն ան Ապտալլային փոխանցած է ամերիկեան արդարադատութենէն փաստաթուղթ մը, որուն մէջ պաշտօնատարներ կը հաստատեն, որ անոր հօր հետապնդումը վերջ գտած է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան մահացած է:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր երկրի քաղաքացիներէն պահանջեց չտարածել <<որեւէ փաստաթուղթ, որ կրնայ կեղծուած ըլլալ եւ կրնայ օգնել հայրենիքի թշնամիներու նպատակներու իրագործման>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ