Բրիտանիա մտահոգ է անհամաչափ ուժի կիրարկումէն

By Asbarez | Wednesday, 24 June 2015

0624british

ԵՐԵՒԱՆ -  Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը 23 Յունիսին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնած է 22-23 Յունիսին տեղի ունեցած դէպքերուն գծով։


<<Վերջին օրերուն ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան շնորհիւ ապահովուած բողոքի խաղաղ ցոյցը այս առաւօտեան աւարտեցաւ բռնութեամբ՝ բազմաթիւ անձերու, որոնց կարգին լրագրողներու ձերբակալութիւններով եւ անոնց հասցուած վնասներով: Շատեր պիտի մտածեն, թէ ինչպէս կարելի էր խուսափիլ եղածէն:


Մեզ մասնաւորապէս կը մտահոգէ լրագրողներուն հանդէպ ուժի կիրառման, անոնց սարքերուն դիտաւորեալ վնաս հասցնելու եւ զանոնք գրաւելու վերաբերեալ լուրերը, ոստիկանութեան հետ գործող քաղաքացիի համազգեստով անձերուն մասին տարածուած տեղեկութիւնները, բերման ենթարկման չդիմադրողներուն հանդէպ անհամաչափ ուժի կիրառումը:


Մենք կոչ կ՛ուղղենք իշխանութիւններուն՝ անյապաղ անդրադառնալու այս դէպքերուն եւ օրէնքի ծիրին մէջ ձեռնարկելու համապատասխան գործողութիւններու>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ:


comments

Advertisement