By Asbarez | Thursday, 25 June 2015
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը կը գուժէ մահը Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս Պատրիարքին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2015ի առաւօտեան ժամը 8:45ին, Պէյրութի Ժէիթաուի շրջանի հիւանդանոցին մէջ:
<<Բժիշկ Նապիլ Խուրի տեղեկացուց թէ վախճանեցաւ սրտի կաթուածի հետեւանքով: Աղօթեցէ՛ք իր հոգւոյն համար: Յուղարկաւորութեան վերաբերեալ կարգադրութիւնները պիտի հաղորդուին ի մօտոյ>>, կը հաղորդէ Պատրիարքարանի հաղորդագրութիւնը:
Այս տխուր առիթով, Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապը ցաւակցական հեռագիր յղած է Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիի պատրիարքութեան:
Վատիկանի մամուլի ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Պապը իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնած է պատրիարքութեան ու վերյիշած է իր սերտ համագործակցութիւնը երջանկայիշատակ պատրիարքի հետ, որու կարեւորագոյն արդիւնքներէն էր վերջերս Կաթոլիկ եկեղեցիի կողմէ Գրիգոր Նարեկացիին տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու քայլը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ