Ատրպէյճանի մասին ԵԽԽՎի զեկոյցէն վերցուցած է հակահայ բաժինը

By Asbarez | Thursday, 25 June 2015

0625PACE

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Յունիս 23ին, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) վաւերացուցած է Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան վիճակի մասին զեկոյցը, առանց հակահայ ձեւակերպումներու:


Հայկական պատուիրակութեան անդամները յաջողած են <<Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներ>> դարձուածքը փոխարինել <<Վեհաժողովը քաջատեղեակ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին>> ձեւակերպումով:


Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան կառոյցներու գործունէութեան մասին զեկուցման սպանացի եւ լեհ համահեղինակները իբրեւ <<հաւասարակշռուած եւ բարդ զեկոյց>> բնորոշած են զայն:


Ինչպէս ակնկալելի էր, Ատրպէյճանի ժողովրդավարական վիճակին վերաբերող այս փաստաթուղթին մէջ համազեկուցողները կարեւոր համարած են տարածքային ամբողջականութեան հարցը՝ նշելով, որ ատոր անտեսումը բարդութիւններ կրնայ ստեղծել։


Սպանացի համահեղինակ Փետրօ Ակրեման տեղեկացուցած է, որ զեկոյցը մեծ դժուարութեամբ պատրաստուած է, քանի որ իշխանութիւններու եւ դեսպաններու կողմէ ճնշումներ եղած են իրենց վրայ:


Հարցին շուրջ ելոյթ ունեցած բազմաթիւ պատուիրակներ խօսած են նաեւ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն, մամլոյ եւ ընդդիմութեան նկատմամբ ճնշումներուն մասին: Հնչած է նաեւ այն տեսակէտը, որ Ատրպէյճան Արցախի հակամարտութիւնը կը շահագործէ՝ երկիրին մէջ ժողովրդավարութիւնը ճնշելու համար:

 


comments