By Asbarez | Tuesday, 30 June 2015
ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>>.- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Կիրակի, Յունիս 28ին յայտարարեց, թէ Անգարա <<հարկաւոր քայլերու>> պիտի դիմէ Սուրիոյ հետ իր սահմաններուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, մինչ երկրի Ազգային ապահովութեան խորհուրդը սկսած է քննելու հիւսիսային Սուրիոյ նոր զարգացումներուն հակադարձելու կարելիութիւնները։
Վարչապետը նախապէս կոչ ըրած էր՝ հիւսիսային Սուրիոյ տարածքին ապահովութեան գօտի ստեղծելու մասին որոշում տալու:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը երբեք պիտի չարտօնէ, որ իր հարաւային սահմաններուն վրայ՝ Սուրիոյ մէջ, ստեղծուի քրտական պետութիւն մը:
<<Անգարա ի գործ պիտի դնէ բոլոր ջանքերը, որպէսզի այդ նախագիծը երբեք չիրականացուի>>, ըսաւ Էրտողան՝ միաժամանակ Արեւմուտքը ամբաստանելով իր երկրին սահմանին վրայ <<քիւրտ ահաբեկիչներ>> տեղադրելու յանցանքով:
Էրտողանի յայտարարութիւնը կը յաջորդէ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներուն քիւրտ զինեալներու արձանագրած զգալի յաջողութիւններուն։
Քիւրտ զինեալներ Շաբաթ օր ետ մղեցին Քոպանիի վրայ ծայրայեղականներուն շղթայազերծած յարձակումը եւ քաղաքը վերստին առին իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ:
Միւս կողմէ, թրքական <<Միլլիյէ>>չ թերթը հաղորդեց, որ Թուրքիան կը քննէ Հալէպ, Իտլիպ քաղաքներու եւ թրքական սահմանին մօտ, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ Քոպանի, Ճարապլուս շրջաններուն մէջ ապահովութեան գօտի ստեղծելու կարելիութիւնը, աւելցնելով, որ թրքական բանակը արդէն դիմած է կառավարութեան՝ նման որոշում մը տալու պահանջով:
Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երկրին սահմանը ապահովելու նպատակով առաջարկած է 3.5 մեթր բարձրութեամբ պատ կառուցել:
<<Հիւրրիյէ>>չ թերթը, իր կարգին, հաղորդեց, որ 12 հազար զինուորներ պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են, Սուրիոյ մէջ ապահովութեան գօտի ստեղծելու ծրագիրը իրականացնելու համար:
ՏԵՄԻՐԹԱՇԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՔԱՐԱԵԸԼԱՆԻ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ պատկերասփռուած հաղորդումի մը ընթացքին անդրադարձաւ Քոպանիի վրայ կատարուած իսլամ ծայրայեղականներու նորագոյն յարձակումին, հարցնելով, թէ այդ զինեալները ուրկէ՞ կրցած են Քոպանի մտնել։ <<Այս մասին զանազան պնդումներ կան, ու հետաքրքրական է, որ այս յարձակումը դարձեալ կը հարուածէ քրտական հարցի լուծման գործընթացը։ Սրտանց կ՛ուզեմ հաւատալ, որ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալները Թուրքիոյ հողերէն անցնելով չէ որ Քոպանի գացած են>>, ըսաւ Տեմիրթաշ ։
Տեմիրթաշ քննադատեց Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ ըսաւ, որ Թուրքիա պէտք է դադրի <<Իսլամական պետութեան>> կողմնակից ըլլալու տպաւորութիւն ստեղծելէ, շեշտելով, որ Թուրքիա մինչեւ հիմա ցարդ վճռական քայլ մը չէ առած իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ։
<<Էրմենիհապեր>> նաեւ կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարներէն Մուրատ Քարաեըլան ազդարարած է, որ եթէ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը ռազմական միջամտութեան դիմեն Սուրիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, <<մենք ալ կը միջամտենք, եւ Թուրքիա ամբողջութեամբ պատերազմի դաշտի կրնայ վերածուիլ>>: Ան աւելցուցած է, թէ թրքական նման քայլ մը պիտի նկատուի յարձակում քիւրտ ազգին վրայ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ