By Asbarez | Tuesday, 30 June 2015

ԱԹԷՆՔ, <<Ռոյթըրզ>> - Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս Յունիս 28ին յայտարարեց, որ Յունաստանի դրամատուները շաբաթ մը փակ պիտի մնան: Ան պատկերասփռուած ուղերձին մէջ հանդարտութեան կոչ ուղղեց հանրութեան, նշելով, որ դրամատնային պահեստները ապահով են:
Վարկատուները երկրի տնտեսական տագնապին գլխաւոր պատասխանատուն նկատելով՝ վարչապետը միաժամանակ յայտնեց, թէ Յուլիս 5ին հանրաքուէ մը տեղի պիտի ունենայ, վճռելու համար օտար վարկատուներուն դրած պայմաններուն համաձայնելու կամ զայն մերժելու հարցը։
Նախապէս, Եւրոպական Կեդրոնական դրամատունը յայտնած էր, որ Յունաստանի անմիջական օժանդակութիւն տրամադրելու շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած, ինչ որ երկիրը դրած է սնանկացման, կամ եուրոյի գօտիէն ու նոյնիսկ Եւրոմիութենէն դուրս գալու հաւանականութեանց առջեւ:
Յոյները այս շաբաթ դրամատնային մեքենաներէն օրական միայն 66 տոլար պիտի կրնան վերցնել:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ