By Asbarez | Tuesday, 30 June 2015

ՎԻԵՆՆԱ, <<Էյ.Փի.>> - Թեհրանի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Վեցեակին հետ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները երկարաձգուած են մինչեւ յառաջիկայ ամիս: Սկզբունքով համաձայնութիւն պէտք էր գոյանար մինչեւ Յունիս 30։
Նախապէս, դիւանագիտական աղբիւրներ հաղորդած էին, որ Միացեալ Նահանգներ հաւանութիւն տուած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցով բանակցութիւնները շարունակելու նախատեսուած ժամկէտէն ետք՝ մինչեւ Յուլիս 9:
Անցնող շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Ճան Քերիի եւ Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի միջեւ տեղի ունեցած են երեք հանդիպումներ, որոնցմէ ետք իրանցի նախարարը Թեհրան մեկնած է խորհրդակցելու տեղւոյն իշխանութեանց հետ։
Կողմերը տարակարծիք կը մնան յատկապէս Իրանի զինուորական կեդրոններուն մէջ օտար քննիչներու կողմէ քննութիւններ իրականանցելու պահանջին շուրջ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ