Ֆրանսա կը բողոքէ Ամերիկեան լրտեսութեանց դէմ

By Asbarez | Wednesday, 01 July 2015

ՓԱՐԻԶ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> -  Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյն Հարթլին իր մօտ կանչեց՝ բողոքելու համար Ֆրանսայի նախագահներու լրտեսման դէմ: <<Ուիքիլիքս>>ի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթեր բացայայտած էին, որ ամերիկեան կողմը լրտեսած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, ինչպէս նաեւ զինք նախորդած նախագահներ՝ Նիքոլա Սարքոզին եւ Ժաք Շիրաքը:
Հրապարակումէն ետք, Հոլանտ աւագ նախարարներու եւ ֆրանսական բանակի հրամանատարութեան հետ արտակարգ ժողով մը գումարեց: Մեկնաբանելով լրտեսութեան հարցը՝ ըսաւ. <<Ֆրանսա պիտի չարտօնէ որեւէ արարք, որ իր ապահովութիւնը կը վտանգէ>>:
Իր կարգին, Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց լրտեսութեան հարցին պատճառած վնասները դարմանելու համար առաւելագոյնը կատարելու:


comments