Փութինէն Սուրիոյ աջակցութեան խոստում մը ստացայ. Մուալլեմ

By Asbarez | Wednesday, 01 July 2015

0701Russia Syria

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Էյ.Փի.>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր սուրիացի պաշտօնակից Ուալիտ Մուալլեմի հետ Յունիս 29ին կայացած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շրջանի բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը միացնելու: Ան նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ամրապնդել Սուրիոյ պաշտպանական կարողութիւնը՝ ընդդէմ ահաբեկչութեան:


Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ յայտնեց. <<Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի՝ Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Միացեալ Նահանգներու դաշինքը, յաջողելու համար մեծ հրաշքի կը կարօտի, որովհետեւ այդ պետութիւնները Սուրիոյ դէմ դաւեցին եւ ահաբեկչութիւնը զինեցին։ Սակայն, եթէ այժմ այդ երկիրներուն մօտ անկեղծ մտադրութիւն եւ ահաբեկչութեան աջակցութեան դադրեցում գոյութիւն ունի, ապա կարելի է հրաշքի մասին խօսիլ>>:


Սուրիական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ Դամասկոս համաձայն է Մոսկուայի մէջ երկխօսութեան նոր հանգրուանին։
Մուալլեմ նաեւ յայտարարեց. <<Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն ստացանք Սուրիոյ քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական աջակցութեան խոստում մը>>:


Նշենք, որ Փութին Քրեմլինի մէջ Մուալլեմի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած էր, որ Սուրիոյ ղեկավարութեան նկատմամբ Ռուսիոյ աջակցութիւնը չէ փոխուած եւ սուրիացի ժողովուրդի յաղթանակին նկատմամբ վստահութիւն յայտնած էր:


comments

Advertisement