By Asbarez | Thursday, 02 July 2015

ՊՈԼԻՍ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող <<Արմէն>> ճամբարը հայ համայնքին վերադարձնելու նպատակով նամակներ յղած է Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարին եւ Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ մասին զեկոյցի հեղինակին:
Կազմակերպութեան Պոլսոյ գրասենեակին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին, անոնք նկատած են, որ Թուրքիա՝ չվերադարձնելով հայ որբերու բռնագրաւուած ճամբարը, կը խախտէ Եւրոմիութեան սկզ-բունքները, հակառակ այն հանգամանքին, որ Անգարա կը ցանկայ այդ կազմակերպութեան անդամ դառնալ:
Թրքական <<Ռատիքալ>> թերթի կայքին համաձայն՝ փաստաբան Էրոն Քեսքին նշած է, որ Թուրքիա կը պնդէ, թէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար պահանջուող բարեփոխումներու ծիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարած է նաեւ հիմնադրամներէն բռնագրաւուած գոյքերու մասին օրէնքին մէջ, սակայն անիկա չի վերաբերիր այն գոյքերուն, որոնք այժմ կը գտնուին 3րդ կողմերու մօտ: Քեսքինի խօսքով՝ պետութեան հաշուեկշիռին մէջ գտնուող գոյքերուն հազիւ 10 տոկոսը իսկական տէրերուն վերադարձուած է:
<<Կազմակերպութիւնը իր պարտականութիւնը կը համարէ <<Արմէն>> ճամբարը հայ համայնքին վերադարձնելու համար բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ իրականացնելն ու հնարաւոր բոլոր միջազգային կառոյցներուն դիմելը>>, նշած է թուրք փաստաբանը:
Միւս կողմէ, <<Մարմարա>> անդրադարձած է Աթիլլա Տիրիմի ստորագրութեամբ հրատարակուած կարճ յօդուած մը, ուր հեղինակը դիտել կու տայ, որ <<Արմէն>> ճամբարի ոդիսականը Ցեղասպանութոան շարունակութիւնն է։ Յօդուածագիրը դատապարտած է <<Գորշ գայլեր>>ու մէկ ղեկավարին կողմէ արտասանուած <<Կարսի փողոցներուն մէջ հայու որսորդութի՞ւն ընենք>> սպառնալիքը, ակնարկելով այդ ատելութեան արմատին։ <<Անշուշտ պատճառը գիտենք։ 1915 թուականին սպաննուած 1.5 միլիոն հայերու տուները, այգիները, հողերը, արտերը, եկեղեցիներն ու վանքերը կը գտնուին այդ օրուան ոճրագործներուն ձեռքը։ Բայց գիտենք, որ Ցեղասպանութիւնը միայն հարիւր տարի առաջ չէ որ գործադրուեցաւ։ Հայ որբուկներու ապաստան <<Արմէն, ճամբարի ճակատագիրն ալ անոր մէկ փաստն է։ Անոնք, որոնք այս բոյնն անգամ շատ տեսան հայ որբուկներուն, զայն առին անոնց ձեռքէն։ Միայն առնելով ալ չգոհացան, եթէ վերջին վայրկեանին այս դիմադրութիւնը կազմակերպուած չըլլար, անիկա վաղուց քանդուած պիտի ըլլար։ Այս կերպով պիտի ջնջուէր Ցեղասպանութեան կենդանի մէկ փաստն ալ>>, գրած է յօդուածագիրը՝ իր ձայնը միացնելով ճամբարին զօրակցողներու ձայնին ու պահանջելով, որ անիկա շուտով վերադարձուի հայերուն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ