By Asbarez | Thursday, 02 July 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - 1 Յուլիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է Միացեալ Թագաւորութեան պաշտպանութեան նախարարութեան անվտանգութեան քաղաքականութեան տնօրէն Նիք Կըրին, որուն կ՛ընկերակցէր Հայաստանի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպան Քեթրին Լիչ:
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուած են պաշտպանական բնագաւառին մէջ Հայաստան–Միացեալ Թագաւորութիւն եւ Հայաստան–ՆԱԹՕ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Սէյրան Օհանեան ներկայացուցած է համագործակցութեան զարգացման իր տեսլականը՝ ակնկալելով համագործակցութեան աշխոյժ զարգացումին:
Բրիտանական կողմը նշած է, որ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով Միացեալ Թագաւորութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ համագործակցիլ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ՝ առկայ ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ նոր նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ