Ոչ միայն Ղարաբաղը մերն է, այլ նաեւ Հայաստանը ստեղծուած է Ատրպէյճանական հողերու վրայ. Ալիեւ

By Asbarez | Thursday, 02 July 2015

 

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յունիս 25ին Պաքուի Կարատաղ շրջանին մէջ գտնուող Փութայի մէջ նոր ռազմակայանի բացման հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ Ատրպէյճանի մեծագոյն հարցը <<իր հողերուն բռնագրաւման շարունակութիւնն է>>:

Ալիեւ իր ելոյթին ընթացքին ըսած է. <<Այս անարդարութիւնը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի: 1990ականներուն սկիզբը, Ատրպէյճանի օրուան ղեկավարութեան անատակութեան եւ դաւաճանութեան պատճառով մեր հողերը բռնագրաւման տակ են: Դժբախտաբար, հակառակ միջազգային կազմակերպութիւններու բոլոր որոշումներուն, այդ բռնագրաւումը կը շարունակուի: Միջազգային օրէնքի արժեչափերը կոշտ կերպով խզուած են, սակայն միջազգային համայնքը ատոր նկատմամբ անտարբեր կը մնայ:

ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը հակամարտութեան վերաբերեալ չորս բանաձեւեր որդեգրեց: Անոնք նաեւ նշեցին, որ հայկական զինեալ ուժերը պէտք է առանց նախապայմանի հեռանան մեր հողերէն: Աւելի քան քսան տարի անցած է, սակայն այդ որոշումները չեն գործադրուած: Ասիկա մեզի, մեր երկրին ու ժողովուրդին դէմ մեծ անարդարութիւն մըն է: Սակայն այսօրուան աշխարհը, դժբախտաբար, անարդարութեան վրայ հիմնուած է: Այս պարագային, անպայման, որ պէտք է միայն մեր ուժերուն վստահինք, ինչպէս արդէն կ՛ընենք: Անշուշտ, միջազգային կազմակերպութիւններու փաստաթուղթերը, որոշումները մեր քաղաքական ու դիւանագիտական կարելիութիւնները կ՛աճեցնեն: Այսօր ոչ մէկ երկիր կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը: Ասիկա մեր քաղաքական ու դիւանագիտական մեծ յաջողութիւնն է: Միջազգային կազմակերպութեանց որոշումները կարգաւորման մը իրաւական հիմքը կը կազմեն: Այս շրջագիծը հիմնուած է պատմական անարդարութեան մը վրայ, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղը ատրպէյճանական հող է: Ատրպէյճանցի ժողովուրդը դարերէ ի վեր ապրած ու աշխատած է այդ հողերուն վրայ: Այդ պատմական հողերուն վրայ գտնուող պատմական կոթողները անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ անիկա մեր պատմական, նախահայրերու հողն է: Ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղը մերն է, այլ նոյնիսկ արդի Հայաստանը ստեղծուած է ատրպէյճանական պատմական հողերուն վրայ: Բոլորս այդ մէկը գիտենք: Արդէն աշխարհն ալ այդ մասին գիտէ: Իրեւան խանութիւն, Կոյչէն, Զանկեզօր Մահալ, ասոնք մեր պատմական հողերն են, եւ մենք՝ ատրպէյճանցիներս, պէտք է վերադառնանք այս հողերուն>>:

Ատրպէյճանի նախագահը շեշտած է, որ հայ-ատրպէյճանական Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի միայն Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ եւ <<ո՛չ ատրպէյճանցի ժողովուրդը, ո՛չ ալ ատրպէյճանական պետութիւնը մէկ այլ ընտրանք կ՛ընդունին: Պէտք է եւ պիտի վերականգնենք մեր հողային ամբողջականութիւնը: Մենք ուրիշներու հողերը չենք պահանջեր: Թէեւ, ինչպէս նշեցի, Հայաստանի ներկայ հողամասը մեր պատմական հողն է: Սակայն ոեւէ մէկուն մեր հողը պիտի չտանք եւ այս կացութեան հետ երբեք պիտի չհաշտուինք>>:

 


comments