Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը

By Asbarez | Thursday, 02 July 2015

 

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ի Տէր յանգեաւ Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2015ին՝ սուգի մատնելով Հայ կաթողիկէ համայնքը մասնաւորապէս եւ լիբանանահայ գաղութը ընդհանրապէս: Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի թաղման կարգն ու յուղարկաւորութիւնը Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 4ին տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ պատրիարքական կառավարիչ Գրիգոր եպս. Կապրոյեանի եւ մասնակցութեամբ արհիապատիւ եպիսկոպոսներուն, գերապայծառ, գերապատիւ հոգեւորական դասուն եւ արժանապատիւ քահանաներու:

Եկեղեցւոյ սգաբոյր շարականները թախիծով կը պարուրէին ներկաները, որոնք ներկայ էին երջանկայիշատակ կաթողիկոս պատրիարքին հրաժեշտ տալու ու յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու:

Մինչ հայ կաթողիկէ սկաուտներու շեփորախումբը իր սգոյ մեղեդիները կը հնչեցնէր, եկեղեցւոյ մուտքը եզերող սկաուտները պատուի եկած դիմաւորեցին երջանկայիշատակ կաթողիկոս պատրիարքին դագաղը, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ ձեռամբարձ ու շարականի թախծոտ երգեցողութեամբ մտաւ եկեղեցի ու զետեղուեցաւ խորան: Յուղարկաւորութեան ընթացքին շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց <<Կռունկ>> պատրիարքական երգչախումբը:
Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի նախկին նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյման պետական, քաղաքական, զինուորական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի Հայ եւ օտար զանազան կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Թաղման կարգի հանդիսաւոր արարողութենէն ետք Գրիգոր եպս. Կապրոյեան ընթերցեց դամբանականը: Ան ըսաւ, թէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը սգայ իր հովուապետին՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին անակնկալ ու տարաժամ մահը, որ ցնցեց հայ համայնքը: Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը կորսնցնէ ո՛չ միայն քաջարի առաջնորդ, այլ անձնուէր, օրինակելի հայ եւ հաւատարիմ ծառայ մը հայ եկեղեցիին: Գրիգոր եպս. Կապրոյեան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս 16 տարիներ առաջ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ընդունած էր ծանրակշիռ պարտականութիւնը իր ուսերուն վրայ եւ շնորհիւ իր հաստատուն հաւատքին, կուռ կամքին եւ աստուածային նախախնամութեան անյապաղ լծուած աշխատանքի ու մեծ սիրով առաջնորդած իր հօտը:

Գրիգոր եպս. Կապրոյեան նկատել տուաւ, որ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը մեծ աշխատանք տարած է վերակազմելու համայնքային կառոյցները՝ մեծ կարեւորութիւն ընծայելով հոգեւոր եւ եկեղեցական յանձնախումբերու աշխատանքին:

Ան ներդաշնակ յարաբերութիւն մշակելու ջատագով եղած է բոլոր յարանուանութիւններուն հետ՝ միշտ ուշադրութեան կեդրոն ունենալով գերագոյն բարիքը իր ազգին:

Գերապայծառ Կապրոյեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ հոգեւոր տիրոջ հովուական թուղթերուն, որոնցմէ ուշագրաւ էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ Հայաստանի քրիստոնէացման 1700ամեակին առիթով հրապարակուածները։

Գերապայծառը նշեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին արժանիքները, թէ ինչպէ՛ս ան անվերապահ ջատագովն էր օրէնքներուն, խորապէս կառչած ու հաւատարիմ էր օրէնքի գործադրութեան: Շնորհիւ անոր խնդրանքին, Ֆրանսիս քահանայապետը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով պատարագ մատուցեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Այս մէկը իր վերջին մխիթարութիւնը եղաւ, նախքան յաւիտենականութեան իր մուտքը, ըսաւ Կապրոյեան:

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը՝ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի կարդաց Ֆրանսիս սրբազան քահանայապետին ցաւակցագիրը:

Խօսք առաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելով Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին ըսաւ, թէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը իր ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան Քրիստոսի կանչին ընդառաջած ու հաւատարիմ հետեւորդը եղած է, ապա բացայայտելով երջանկայիշատակ պատրիարքին յատկանիշները աւելցուց. <<Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ճանչցած ենք իբրեւ բծախնդիր աշխատող: 16 տարի ան բծախնդիր աշխատանքով ու եռանդուն ներկայութեամբ գործօն մասնակցութիւն ունէր Արեւելքի պատրիարքական խորհուրդին: Լաւապէս կը ճանչնար եկեղեցական կանոնները:

Եղբայրական սիրով լեցուն էր: Հաւատարիմ ու բարեգութ: Պատասխանատուութեան եւ պարտականութեան հանդէպ բարձր գիտակցութիւն ունէր, հակառակ մարմնական բոլոր ցաւերուն: Մեզ իրեն կապողը իր եղբայրական մաքուր սէրն էր, որ կ՛արտայայտուէր իր խօսուն ժպիտով ու փափկանկատութեամբ>>:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ցաւակցագիրը կարդաց հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան: Ցաւակցագիրը կ՛ըսէր, թէ լուսահոգի պատրիարքը Հայ կաթողիկէ անդաստանին մէջ երկարամեայ ծառայութեան ընթացքին Աւետարանի քարոզչութեան ջանքեր ներդրած էր՝ ի սպասաւորութիւն իր հաւատաւոր հօտին: Պատրիարքը խոնարհ ու ծառայասէր անձ էր, իր հոգեւոր առաքելութեան բարձր գիտակցութեամբ: Ան իր գործունէութեան ծիրին մէջ կարեւոր կը նկատէր մայր հայրենիքի եւ Սփիւռքի կապերու ամրապնդումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ցաւակցագիրը կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Նշենք, որ թաղման կարգէն ետք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին մարմինը ամփոփուեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ պատրիարքներու դամբարանին մէջ:

 


comments

Advertisement