By Asbarez | Tuesday, 07 July 2015
Ermenihaber.am - Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայկական <<Արմէն>> ճամբարը հայ համայնքին վերադարձնելու պահանջով քայլարշաւ կազմակերպուած է՝ Թուզլայի ափամերձ շրջանէն ճամբարի տարածք:
Թրքական <<Ռատիքալ>> լրատու կայքին համաձայն՝ քայլարշաւին մասնակցած է 500 հոգի, որոնց հետ 3 քիլոմեթր քալած է ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորներ Պարըշ Եարքատաշը եւ Օնուրսալ Ատըքիւզել:
Քայլարշաւէն ետք ճամբարի տարածքին մէջ հաւաքուած մասնակիցները յայտարարութիւն հրապարակած են: Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն անունով ելոյթ ունեցած երիտասարդները պահանջած են ճամբարը վերադարձնել հայ համայնքին: Ելոյթ ունեցած է պատգամաւոր Եարքատաշը՝ դիտել տալով, որ իր կուսակցութիւնը հայ ժողովուրդին բարեկամ է, ան միշտ տուժողներուն կողքին է եւ արտօնութիւն չի տար, որ ոեւէ մէկը տուժէ։
Ան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը մեղադրած է խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ճամբարը հայերուն վերադարձնելու պատրանք ստեղծելու յանցանքով:
<<Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ընտրութիւններէն առաջ ստեղծեց այն տպաւորութիւնը, թէ այս վայրը հայերուն պիտի տայ, պիտի կանխէ իրաւունքներու ոտնահարումը: Մինչդեռ այսօր յստակ է, որ այս վայրը կ՛ուզեն իրենց կողմնակիցներներուն յանձնել>>, յայտնած է ընդդիմադիր պատգամաւորը: Ան ընդգծած է, որ ճամբարի իրական տէրերը <<Ակօս>> շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքին ընկերներն են, իսկ ճամբարը Հրանդին ժառանգութիւնն է, զոր թողած է երիտասարդներուն:
<<Այս ժառանգութիւնը հարկաւոր է իրական տէրերուն յանձնել եւ կանխել իրաւունքի ոտնահարումը>>, յայտարարած է Եարքատաշ՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պիտի պայքարին իրաւունքներու ոտնահարման դէմ եւ պիտի հետեւին ճամբարին վերաբերող զարգացումներուն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ