Քրտական խաղաղութեան հոլովոյթը կը կապուի Օճալանի ազատ արձակման հետ

By Asbarez | Wednesday, 08 July 2015

0000Bayik

ՊՈԼԻՍ, <<Անատոլու>> - Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան թիւ 2 ղեկավար Ճեմիլ Պայըք յայտնեց, որ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ միակողմանի զինադադար հաստատելով, իրենք քրտական հարցի լուծման խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղած են, սակայն Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան <<սպաննած է>> այդ հոլովոյթը՝ միջամտելով թէ՛ ընտրութիւններուն եւ թէ կառավարութեան ու քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի միջեւ բանակցութիւններուն, երբ անոնք 10 կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին։ <<Բոլորը պէտք է գիտնան, որ Էրտողանն է, որ խաղաղութեան հոլովոյթին վերջ տուաւ>>, ըսաւ ան:


<<Զէնքերը վար պիտի դնենք միայն Օճալանի ազատ արձակուելէն ետք: Այս է խաղաղութեան հոլովոյթը շարունակելու մեր հիմնական պայմանը>>, ըսաւ Պայըք:
<<Մենք կ՛ուզենք ժողովրդավարական սահմանադրութիւն մը, որ կը լուծէ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցը, եւ կը զօրակցինք այդ ծիրին մէջ իւրաքանչիւր քայլի, սակայն եթէ Թուրքիա այդ քայլերը չկատարէ եւ փորձէ պատերազմի կառավարութիւն կազմել, ապա մեր մարտիկները ինքնապաշտպանութեան պիտի դիմեն եւ պիտի պաշտպանեն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական ուժերը>>, նշեց Պայըք:


Խօսելով <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարին մասին՝ Պայըք ըսաւ. <<Անցեալ հանգրուանին կրցանք զգետնող հարուած հասցնել <<Իսլամական պետութեան>>:


Իրաքի մասին Պայըք յայտնեց. <<Մենք քրտական մարզին մէջ քրտական պետութեան հաստատման դէմ չենք. անոնք կ՛ուզեն քրտական պետութիւն հաստատել, եւ ատիկա անոնց իրաւունքն է, իսկ մենք պատրաստ ենք պաշտպանելու զիրենք, եթէ որեւէ վտանգի ենթարկուին: Իսկ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ Քիւրտիստանին, ապա ինչպէս նշեցի, պետութիւն հաստատել չենք ուզեր>>:

 

comments