Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար համաձայնած են տապալել Ասատը. Ասանժ

By Asbarez | Wednesday, 08 July 2015

0701Asanj

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Աւստրալացի լրագրող եւ <<Ուիքիլիքս>>ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժ ռուսական պատկերասփիւռի կայանէ մը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ, Սէուտկան Արաբիոյ եւ Քաթարի միջեւ 2012ին գոյացած է գաղտնի համաձայնութիւն՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը տապալելու շուրջ: Թրքական <<Հիւրրիյէ>>չ թերթը հաղորդած է, որ <<Ուիքիլիքս>>ի կողմէ վերջերս հրապարակուած եւ Սէուտական Արաբիոյ առնչուող փաստաթուղթներուն մէջ տեղեկութիւններ կան վերոնշեալ համաձայնութեան մասին:


<<Այդ երեք երկիրներուն միջեւ գոյացած գաղտնի համաձայութեան իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են նաեւ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա>>, նշած է Ասանժ:

 


comments

Advertisement