Արցախ հաստատուած Ռուս մեծահարուստը՝ Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին մէջ

By Asbarez | Wednesday, 08 July 2015

 

0708russian


ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> -  Աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի Լիւպով Քազարնովսքայայէն ետք Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստուի իր տխրահռչակ «սեւ ցանկ»ին մէջ ընդգրկել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ հաստատուած ռուս մեծահարուստ Գերման Սթերլիքովը:


Այս մասին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ:


Գերման Սթերլիքով, անոր կինն ու հինգ երեխաները երեք շաբաթ առաջ Ռուսիայէն տեղափոխուած են Արցախ: Նշանաւոր մեծահարուստը մտադիր է հաստատուիլ Արցախ եւ հոն առեւտրական ծրագիրներու սկսիլ, այդ պատճառով ալ յանձնարարած էր իր օգնականներուն՝ վաճառել Ռուսիոյ իր ունեցուածքը։

comments

Advertisement