Սթերլիքովները ինչո՞ւ Արցախ հաստատուած են

By Asbarez | Friday, 10 July 2015

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Ռադիօլուր>> - Լրագրող Արմէն Վարդանեան կը գրէ, թէ անյայտ պատճառներով Ռուսիայէն հեռացած միլիառատէր Գերման Սթերլիքով առայժմ հաստատուած է Շուշի: Ընտանիքը գաղտնի կը պահէ իր բնակութեան հասցէն, բայց լրագրողներուն հետ զրուցելէ չի խուսափիր, պարզապէս կը շրջանցէ այն հարցումները, որոնք կը վերաբերին իրենց անակնկալ տեղափոխման։ Գերման Սթերլիքով եւ անոր կինը՝ Ալէօնա Սթերլիքով յայտնած են, որ Երկուշաթի պիտի տան մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնան բոլոր մանրամասնութիւններուն։

Պատասխանելով իրենց Հայաստան տեղափոխուելու վերաբերող հարցումներուն՝ Ալէօնա Սթերլիքով յայտնած է, որ ունին հայ ընկերներ, որոնց միջոցով Հայաստանին ծանօթացած եւ ծրագրած էին ընտանիքով գալ, բայց պայմանները փոխուած են, թէեւ իրենք ալ նախապէս չէին ծրագրած Արցախ հաստատուիլ։

Այդ պայմաններուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ ան ըսած է. <<Որոշումը կայացնողը ամուսինս էր: Մենք Պելոռուսէն էինք: Ամուսինս եկաւ, ըսաւ, որ որոշ հանգամանքներու պատճառով պէտք է շտապ մեկնիլ Կովկաս: Այդ հանգամանքները առայժմ թոյլ չեն տար, որ վերադառնանք Ռուսիա: Քանի որ կեանքիս մէջ նման բաներ յաճախ կը պատահին (մենք այդպէս քանի մը անգամ 90ականներուն տեղափոխուած ենք), ես ոչինչ հարցուցի: Պէտք է, ուրեմն՝ պէտք է>>:

Ընտանիքին մայրը ըսած է, որ իրեն համար կարեւորը այն է, որ ամուսինն ու երեխաները ողջ եւ առողջ են, իրեն համար հարց չէ, որ նոր տուն պիտի կահաւորէ։ Ընդհակառակը, շատ ոգեւորուած են եւ ոգեւորութեան աղբիւրը, որքան ալ զարմանալի է, Արցախի բնաշխարն ու մարդիկ են:
Անոնք հրապուրուած են Արցախով, ամէն ինչ բնական է, թռչունները պատուաստուած չեն, մթերքները մաքուր են, կենդանիները առողջ: Ալէօնա Սթերլիքով դիտել տուած է, որ ասիկա եղած է այն երազը, զոր Գերման փայփայած է միշտ եւ խօսած է այդ մասին։ Ան նշած է, որ մտադիր է Արցախի մէջ ստեղծել իրենց հանրայայտ <<Սլոբոդա>>ի կրկնօրինակը: Ան արդէն Արցախի մէջ կը շրջագայի՝ յարմար տեղ գտնելու համար։

Ընտանիքը արդէն գտած է <<աշխարհի հրաշալիքներէն մէկը>>: Ատիկա ջրաղացն է: <<Պայմանաւորուած ենք, որ հիմնական տեղ գտնելու պարագային զայն գնենք ու տանինք մեր քով, որպէսզի կարենանք մեր ցանած ու աճեցուցած ցորենը աղալ եւ առանց արհեստական խմորիչներու հաց թխել>>, յայտնած է Ալէօնա Սթերլիքով:

Վայրը, ուր անոնք կը ծրագրելն հիմնել հայկական <<Սլոբոդա>>ն, պէտք է գեղեցիկ բնութիւն ունենայ՝ լաւ կլիմայ, ջուր, լեռնային գետակ, որ պիտի աշխատցնէ ջրաղացը:

Ընտանիքին մայրը արդէն զբաղում ունի, առայժմ Շուշիի գորգերու թանգարանի սենեակներէն մէկուն մէջ իր ձեւագծութեան տունը բացած է։ Կ՛ըսէ, որ իր ապագայ բնորդները պէտք է հայկական ճաշակին համահունչ ըլլան, զիրենք շրջապատող գորգերէն ներշնչուած որոշած են նաեւ գորգանախշերը փոխադրել կտորներու վրայ ու զուտ հայկական հագուստ կարել:

Այնուամենայնիւ անոնք չեն գիտեր, թէ որքան պիտի մնան Արցախ։ <<Որոշումները կրնան յանկարծակի ըլլալ, այնպէս, ինչպէս գալու որոշումն էր>>, դիտել տուած է մեծահարուստին կինը՝ շեշտելով, որ այդ չի նշանակեր, որ Արցախի մէջ իրենց հաստատելիք գործառնութիւնները պիտի դադրին։ <<Փոխյարաբերութիւնները պիտի մնան Ռուսիոյ եւ հայկական <<Սլոբոդա>>ի միջեւ, ձեւագծման ռուսական եւ հայկական տուներուն միջեւ>>, յայտնած է ան։

<<Ի դէպ՝ անկախ հանգամանքներից, որ Ստերլիգովներին դրդել են գալ Լեռնային Ղարաբաղ, նրանք իրենց ներկայութեամբ մեծ հետաքրքրութիւն են առաջացրել: Ստեփանակերտում եւ Շուշիում նրանց համախոհներին աւելի յաճախակի կարելի է հանդիպել՝ տղամարդիկ առանձնանում են երկար միրուքով, կանայք՝ երկարափեշ զգեստներով>>, կը գրէ լրագրողը։

Ալէօնա Սթերլիքով նաեւ յայտնած է, որ իրենց ընկերները արդէն իսկ կ՛ուզեն գալ եւ այցելել իրենց, տեսնել Արցախը։

Հայաստանեան մամուլը մինչ այդ գրած էր, որ ռուս միլիառատէր Գերման Սթերլիքով հարցազրոյց մը տուած է <>ին՝ անդրադառնալով այն պատճառներուն, որոնք զինք մղած են Ռուսիայէն Արցախ տեղափոխուելու։ Ան նշած է, որ Ղարաբաղ հրաշալի վայր մըն է՝ հող, հրաշալի ժողովուրդով:

<<Ես այցելած եմ աշխարհի բոլոր երկիրները, բայց ոչ մէկ տեղ նման վայր տեսած եմ, նման գեղեցկութիւն, բերքատուութիւն եւ կարեւորագոյնը՝ նման բարի եւ անկեղծ յարաբերութիւններ մարդոց միջեւ: Այստեղ յարձակողականութիւնը զերօ աստիճան է: Անկարելի է այդ բոլորը բացատրել ռուսերուն, պէտք է հոս ըլլալ ու հասկնալ ամէն բան։ Ես երջանիկ եմ, որ հոս բերած եմ երեխաներս, որովհետեւ ես տեսականօրէն պատմած եմ անոնց, թէ ինչպէս պէտք է մարդիկ վարուին իրարու հետ: Ժամանակակից Ռուսիոյ մէջ այդ յարաբերութիւնները, ցաւօք, չկան: Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կան: Այստեղ անոնք տեսած են այդ բոլորը: Եւ ատիկա շատ օգտակար դաս է անոնց համար: Այնպէս որ՝ եկէ՛ք Լեռնային Ղարաբաղ հասկնալու համար, թէ ի՛նչի մասին կը խօսիմ>>, յայտնած է ռուս մեծահարուստը՝ խօսքը ռուսերուն ուղղելով։

 


comments

Advertisement