Սկսած է «Աուրորա» մրցանակի յաւակնորդներու առաջադրումը

By 100 LIVES | Friday, 10 July 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Մեդիամաքս>> - Սկսած է Ռուբէն Վարդանեանի, Նուպար Աֆէյեանի եւ Վարդան Գրեգորեանի կողմէ հիմնադրուած <<Աուրորա>> միջազգային մարդասիրական մրցանակի յաւակնորդներու առաջադրումը:

<<Աուրորա>> մրցանակը (Aurora Prize for Awakening Humanity) <<100 Կեանք>> նախաձեռնութեան բաղադրիչներէն մէկն է: Նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկը տրուած է այս տարուան Մարտին, Նիւ Եորքի մէջ:

Յաւակնորդներու առաջադրման մեկնարկին առնչութեամբ Ռուբէն Վարդանեան եւ <<Ինաֆ փրոճեք>>չի հիմնադիր տնօրէն Ճան Պրենտերքեսթ ամերիկեան <<Տը Հաֆինկթըն Փոսթ>>ին մէջ հրապարակած են <<Մարտահրաւէր հանրութեան. գտնել մարդակութիւն անմարդկայինի մէ>>ջ (A Public Challenge: Find Humanity in the Inhumane) միացեալ յօդուածը:

<<Աննկարագրելի վտանգաւոր պայմաններու մէջ խիզախութիւն ցուցաբերած մարդոց երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով, այս տարուան Մարտին մենք նախաձեռնեցինք <<Աուրորա>> միջազգային մարդասիրական մրցանակի հաստատման:

Այս մրցանակը ամէն տարի պիտի տրուի այն անհատներուն կամ խումբերուն, որոնք անցած են աննկարագրելի փորձութիւններու մէջէն՝ այլոց կեանքը փրկելու համար>>, նշած են յօդուածի հեղինակները:

Մրցանակին յաղթողը պիտի ստանայ 100 հազար տոլար, նաեւ 1 միլիոն տոլար պիտի փոխանցուի այն բարեսիրական կազմակերպութեան, որ ոգեւորած է զայն:

<<Ասիկա լիովին կը համապատասխանէ <<Աուրորա>> մրցանակի ստեղծման գաղափարին եւ պիտի նպաստէ մարդոց օգնութեան ձեռք մեկնելու շրջափուլի մեկնարկին:

Այս մրցանակը կը միտի հաւասարապէս երախտագիտութիւն յայտնել թէ՛ անցեալին, եւ թէ ապագային ինքնազոհաբերութեան օրինակ հանդիսացած հեղինակներուն՝ միաժամանակ աջակցելով մարդասիրական քայլերուն: Այս մրցանակը ճանապարհ կը հարթէ օգնելու եւ ֆինանսապէս աջակցելու ապագային խիզախութեան եւ կարեկցանքի դրսեւորումներուն>>, նշուած է յօդուածին մէջ:

<<Աուրորա>> մրցանակը առաջին անգամ պիտի տրուի Երեւանի մէջ, Ապրիլ 2016ին: Մրցանակը պիտի յանձնէ ամերիկացի յայտնի դերասան Ճորճ Քլունին:

<<100 կեանք>> նախաձեռնութեան կայքին ճամբով ոեւէ անձ կրնայ <<Աուրորա>> մրցանակի յաւակնորդներ առաջադրել՝ սեղմելով <<Առաջադրել>> կոճակը:

 


comments

Advertisement