«Մոսկուա ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի զարգացումներուն». Տմիթրի Մետվետեւ

By Asbarez | Friday, 10 July 2015

0710medvedev1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմռատիօ>> -  Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Տմիթրի Մետվետեւի միջեւ 9 Յուլիսին կայացած հանդիպումի աւարտին վերջինս յայտարարած է, որ Մոսկուա մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի մէջ <<թէժ ժամանակ>> էր:


Իր կարգին Հայաստանի կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հանդիպման առնչութեամբ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններու ղեկավարները բարձր գնահատած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը եւ քննարկած երկու դաշնակից երկիրներու փոխգործակցութեան խորացման ու ընդլայնման առնչուած հարցեր։ Երկուստեք կարեւոր նկատած են տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու մէջ միացեալ ծրագիրներու շարունակականութիւնը եւ նոր նախագիծերու իրականացումը: Կողմերը անհրաժեշտ նկատած են ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու յաւելումը: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն: Վարչապետները քննարկած են նաեւ ելեկտրականութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Երկու երկիրներու վարչապետները կարեւոր նկատած են Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ փոխգործակցութեան զարգացումը:


Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետերը քննարկած են նաեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը: Յովիկ Աբրահամեան ու Տմիթրի Մետվետեւ համաձայնած են շարունակել երկկողմանի հանդիպումները՝ քննարկելու հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցերն ու ծրագիրները: Երկու երկիրներու վարչապետներու առանձնազրոյցէն ետք հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով: Քննարկուած են հայ-ռուսական առեւտրատնտեսական կապերու հետագայ ամրապնդման ու զարգացման կարելիութիւններուն առնչուող բազմաթիւ հարցեր:

comments

Advertisement