Լոնտոնի «Կոլտսմիթ Հոլ»ի մէջ Բակօ Սահակեան ամփոփած է այցելութեան արդիւնքները

By Asbarez | Saturday, 11 July 2015

0711pako

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 Յուլիսին Լոնտոնի <<Կոլտսմիթ Հոլ>>ի մէջ մասնակցած է Բրիտանիոյ հայ համայնքային խորհուրդի ճաշկերոյթին եւ հանդէս եկած է ելոյթով։


Ան հակիրճ կերպով ներկայացուցած է Արցախի պատուիրակութեան Բրիտանիա տուած այցելութեան նպատակները, ամփոփած անոր արդիւնքները եւ պատասխանած ներկաներուն հարցումներուն։ Ըստ նախագահ Սահակեանի՝ թէ՛ հայ գաղութի, եւ թէ Բրիտանիոյ տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները բաւական տպաւորիչ էին: Նախագահը համոզում յայտնած է այն մասին, որ անոնք նոր լիցք ու որակ պիտի հաղորդեն Արցախի եւ Բրիտանիոյ միջեւ կապերու ամրապնդման: Երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է Արցախի բոլոր բարեկամներուն՝ անոնց դիրքորոշման, սկզբունքայնութեան, մարդասիրութեան եւ գործօն աջակցութեան համար, մաղթելով յաջողութիւններ եւ ամենայն բարիք:


Հանդիպման ներկայ եղած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Բրիտանիոյ թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, պատգամաւորներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ ու պաշտօնատար այլ անձեր:


comments

Advertisement