Մամետեարով տակաւին Արցախը կը տեսնէ միայն Ատրպէյճանի կազմին մէջ

By Asbarez | Monday, 13 July 2015

Ատրպէյճանական ԱՊԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ այդ առնչութեամբ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը յստակ է։ Ըստ անոր՝ որպէս փոխզիջում կարելի է <<վերանայիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին միայն Ատրպէյճանի կազմին մէջ>>։

<<Ատրպէյճանի դիրքորոշումը շատ կառուցողական է՝ զինուորները պէտք է քաշուին, բռնի տեղահանուածները վերադառնան տուն, ճամբաները բացուին եւ անկէ ետք միայն վերականգնին յարաբերութիւնները: Բոլոր ճամբաներու եւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը մեզի կարելիութիւն կու տայ քայլ առ քայլ բնական յարաբերութիւններ կառուցելու տարածաշրջանին մէջ: Բոլորը գիտեն, որ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են նոյնինքն այդ հիման վրայ>>, յայտնած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ համանախագահներն ու ատրպէյճանական կողմը այդ առնչութեամբ քայլերու ձեռնարկած է։

<<Կը մնայ, որ Հայաստանն ալ ընդունի ատիկա, ինչ որ վաղ թէ ուշ պիտի կատարուի, այդ մասին կասկած չունիմ>>, ըսած է Մամետեարով։

Ան աւելցուցած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները 20 Յուլիսին պիտի այցելեն Հայաստան, ապա՝ Ատրպէյճան։ Այցելութեան նպատակն է նախապատրաստել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հերթական հանդիպումը:

 


comments