Կարօ Փայլան դատ բացած է Թուրք ազգայնականին դէմ

By Asbarez | Monday, 13 July 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ցանկով երեսփոխան ընտրուած Կարօ Փայլան դատ բացած է Կարսի մէջ <<հայերուն դէմ որսի սկսելու>> սպառնալիք ուղղած թուրք ազգայնականին դէմ: Այս մասին տեղեկացուցած է Պոլսոյ հայկական <<Ակօս>> թերթը:

Խորհրդարանին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փայլան յիշեցուցած է, որ հանրապետական դատախազութիւնը ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններուն արձագանգելու առումով ոեւէ քայլի չէ ձեռնարկած:

<<Անպատիժ մնացած ատելութիւն պարունակող որեւէ խօսք հասցէագրուած մարդոց կը պատճառէ <<աղաւնիի անհանգստութիւն>> եւ հող կը պատրաստէ ատելութեան վրայ հիմնուած յանցագործութիւններուն>>, դիտել տուած է հայ երեսփոխանը՝ յայտարարելով, որ դատ բացած է Թուրքիոյ ազգայնական <<Իտէալիստներու օճախներ>> կազմակերպութեան Կարսի մասնաճիւղի նախագահ Տոլքա Ատըկիւզելի դէմ:

 


comments