«1915ին Հայ ժողովուրդին եւ Քրիստոնեայ համայնքներուն դէմ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ կատարուածը միայն Ցեղասպանութիւն բառով կարելի է բնորոշել». Արամ Ա.

By Asbarez | Tuesday, 14 July 2015

0000ARAM
Անցնող երեք օրերուն վրայ տարածուած միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քասլիքի համալսարանին մէջ՝ նուիրուած յատկապէս ասորիներու ցեղասպանութեան: Աւելի քան հարիւր հոգիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համագումարը կազմակերպուած էր ասորի ուղղափառ եւ ասորի կաթողիկէ պատրիարքութեանց կողմէ:


Համագումարի բացման նիստին ներկայ գտնուեցան վեց հոգեւոր պետեր եւ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Հոգեւոր պետերու շարքին խօսք առաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ հինգ կէտերուն մէջ.

ա. Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն եւ այլ քրիստոնեայ համայնքներուն դէմ, ցեղասպանութիւն էր, բառին իրաւական հասկացողութեամբ: Ցեղասպանութիւն էր իր մեթոտով ու նպատակով, եթէ նոյնիսկ այդ ժամանակներուն ցեղասպանութիւն բառը տակաւին մաս չէր կազմեր միջազգային օրէնքի բառարանին: Պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ ծրագրուածը, կազմակերպուածն ու գործադրուածը ցեղասպանութիւն մըն էր.

բ. Միջազգային օրէնքին համաձայն, երբ նոյն երկրին մէջ եւ նոյն ժողովուրդին համար կառավարութիւն մը կը յաջորդէ նախորդ կառավարութեան, թէկուզ գաղափարախօսական ու քաղաքական տարբեր օրակարգով եւ նպատակով, անիկա յաջորդը կը նկատուի նախկին կառավարութեան: Իրաւաքաղաքական այս յստակ սկզբունքէն մեկնելով՝ ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը յաջորդը կը նկատուի Օսմանեան կայսրութեան, եւ հետեւաբար, անիկա կը ժառանգէ 1915ի կառավարութեան իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները: Սա կը նշանակէ, որ ներկայ Թուրքիան պարտաւորութիւն մը ունի 1915ին կազմակերպուած ցեղասպանութեան նկատմամբ.

գ. Դարձեալ միջազգային օրէնքին համաձայն, ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ: Հետեւաբար, ցեղասպանութիւնն ու ցեղասպանը պէտք է միջազգային դատապարտումի ենթակայ դառնան: Ցեղասպանութեան դատապարտումը կը նշանակէ ցեղասպանութեան ճանաչում եւ ճանաչումը կ՛ենթադրէ հատուցում.

դ. Թէ՛ հայերը եւ թէ ասորիները աշխարհի բոլոր կողմերը կը շարունակեն նշել Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Մենք մեր նահատակները յիշեցինք եւ անոնց կտակին նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը վերահաստատեցինք: Սակայն, պէտք չէ մոռնանք, որ մենք պահանջատէր ենք: Պէտք չէ մոռնանք, որ Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր հայ, ասորի, յոյն վանքեր, եկեղեցիներ ու եկեղեցապատկան կալուածներ կը գտնուին. ոմանք քանդուած են, ուրիշներ բռնագրաւուած՝ պետութեան կողմէ: Մենք կը պահանջենք անոնց վերադարձը իրենց իրաւատէրերուն.

ե. Մեր պահանջատիրութիւնը իրաւաքաղաքական է եւ ո՛չ կրօնական: Դարեր շարունակ քրիստոնեաներ ու իսլամներ Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած են խաղաղ ու ներդաշնակ գոյակցութիւն: Նո՛յն մօտեցումով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակենք մեր գոյակցութիւնը: Այսօր, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն ու փոքրամասնութիւններուն նկատ-մամբ, այլապէս ցեղասպանութիւն է: Ցեղասպանութիւնը պէտք է դատապարտուի բոլոր կրօններուն ու ազգերուն կողմէ, որպէսզի չկրկնուի անիկա:

 


comments

Advertisement