By Asbarez | Wednesday, 15 July 2015
ՎԻԵՆՆԱ, <<Ազատութիւն>>.- 14 Յուլիսը միջազգային դիւանագիտութեան պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած է իբրեւ չափազանց կարեւոր ձեռքբերումի օր: Արդարեւ, Իրանն ու Վեցեակը (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա) Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ <<պատմական>> համաձայնութիւն մը գոյացուցին։
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տնօրէն Եուքիա Ամանոն եւ Իրանի բանագնացներու խումբի ղեկավար, փոխնախագահ Ալի Աքպար Սալեհին 14 Յուլիսին Վիեննայի մէջ ստորագրած են <<Ճամբու քարտէզը>>։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման այս առիթով յայտնած է, որ գործարքը կը հիմնուի ո՛չ թէ վստահութեան, այլ ստուգումներու վրայ: Ըստ անոր՝ եթէ Իրան կատարէ պահանջքները, այն ատեն պատժամիջոցները չեղեալ պիտի յայտարարուին: Օպաման նաեւ հաստատած է, որ Իրանի կողմէ գործարքը խախտելու որեւէ փորձ անմիջապէս պիտի յանգեցնէ պատժամիջոցներու վերականգնման:
<<Ես համոզուած եմ, որ այս գործարքը կը բխի Միացեալ Նահանգներու եւ մեր դաշնակիցներու ազգային անվտանգութեան շահերէն, ուստի, ես վեթոյի պիտի ենթարկեմ գործարքի իրականացումը խոչընդոտող որեւէ օրինագիծ>>, յայտնած է Օպամա:
Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին Վիեննայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնագիրին վերաբերեալ յատուկ ուղերձով հանդէս եկած է պատկերասփիւռի պետական կայանէն։
<<Երջանիկ եմ, որ Իրանի եւ Վեցեակի 23 ամիս տեւած բանակցութենէն ետք կարելի եղաւ թեւակոխել նոր ժամանակաշրջան>>, յայտնած է Ռոհանի:
Այսպիսով, 18 օր տեւած բանակցային մարաթոնը աւարտեցաւ: Քննարկումները կայացած են <<Իրան-5 գումարած 1>> ձեւաչափով: Հինգ երկիրները ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներն են, անոնց վրայ աւելցած է Գերմանիան։
Ըստ համաձայնութեան՝ ՄԱԿի տեսուչները իրաւունք պիտի ունենան Իրանի ռազմական եւ գիտական կեդրոններ տեսչական այցելութիւններ կատարելու: Այնուամենայնիւ, իրանական կողմը պարտաւոր չէ անմիջապէս թոյլատրել այցելութիւնները եւ կրնայ յաւելեալ պարզաբանումներ պահանջել: Նման պարագաներու հարցը պէտք է քննարկէ Վեցեակէն եւ Իրանի փորձագէտներէն կազմուած միացեալ յանձնաժողովը:
Գործարքի քննադատները այդ հանգամանքը կը նկատեն համաձայնութեան թոյլ կէտը: Բայց ասիկա կը հաւասարակշռէ կարեւոր միւս դրոյթը՝ Իրանի միջմայրցամաքային հրթիռներու ստեղծման ծրագիրը զսպող պատժամիջոցները 8 տարի պիտի մնան ուժի մէջ, իսկ Իրանի նկատմամբ ՄԱԿի սահմանած զէնքի մատակարարման արգելքը ուժի մէջ պիտի մնայ 5 տարի:
Իրանը մինչեւ վերջին վայրկեան պահանջած է անմիջապէս վերցնել զէնքի մատակարարման արգելքը, բան մը, որուն թեր էր Ռուսիան, բայց դէմ էին Ամերիկան եւ արեւմտեան մնացած երկիրները:
Վիճայարոյց այլ կէտի մը շուրջ եւս համաձայնութիւն գոյացած է. Իրան ընդունած է, որ ստանձնած պարտաւորութիւններէն որեւէ մէկը չկատարելու պարագային ՄԱԿ 65 օրերու ընթացքին պիտի վերահաստատէ չեղեալ յայտարարած պատժամիջոցները:
Իրանի եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւններու բարելաւումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ եւ կրնայ ձեռնտու ըլլալ նաեւ Իրանի դրացիներուն, նաեւ՝ Հայաստանին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ