By Asbarez | Wednesday, 15 July 2015
ԵՐԵՒԱՆ.– 12 Յուլիսին տեղի ունեցած է Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12րդ գիտաժողովի փակման արարողութիւնը:
Այս առիթով խօսք առած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն, գիտաժողովի տնօրէն Սուրէն Մանուկեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախագահութեան՝ ի դէմս Տանիէլ Ֆէյերսթէյնի եւ Տոննա Լի Ֆրիզի, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին վստահելուն եւ նման կարեւոր նախաձեռնութեան կազմակերպման կարելիութիւն տալուն համար։
Ըստ անոր՝ նախապատրաստական աշխատանքները եւ քննարկումները եղած են թէժ, երբեմն բուռն, բայց արդիւնաւէտ: Դիմումները բազմաթիւ եղած են, իսկ ընտրութիւնը՝ խիստ: Իբրեւ արդիւնք երեւանեան գիտաժողովին մասնակցած են 130 անձեր աշխարհի 35 երկիրներէ, որոնք չորս օր շարունակ ներկայացնումներ, քննարկումներ կատարած են, բանավիճած են ցեղասպանագիտութեան եւ անոր յարակից ոլորտներուն շուրջ՝ յառաջիկայ քանի մը տարուան համար ոլորտներու զարգացման ուղղութիւններ տալով։
Գիտաժողովին արտասանուած խօսքերուն եւ ներկայացուած զեկուցումներուն մէկ մասը յօդուածի ձեւով պիտի տպագրուի Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12րդ գիտաժողովի պաշտօնական հանդէսին մէջ, որ պիտի ներառուի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ հրատարակուող <<Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հանդէս>>ին:
Փակման արարողութեան ելոյթ ունեցած է նաեւ Ալեք Հինթոնը՝ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախկին նախագահը, որուն ղեկավարութեան օրով որոշում տրուած է Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12րդ գիտաժողովը կայացնել Երեւանի մէջ: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրինութեան՝ կատարուած աշխատանքին եւ փայլուն արդիւնքներուն համար:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, գիտաժողովի կազմակերպական կոմիտէի տեղական յանձնաժողովի նախագահ Հայկ Դեմոյեան ողջունած է ներկաները՝ շնորհակալութիւն յայտնած է թանգարանի անձնակազմին: Ի նշան երախտագիտութեան՝ ան <<Ճէյմզ Պրայս>> ոսկի մետալներ յանձնած է Տանիէլ Ֆէյերսթէյնին, Տոննա Լի Ֆրիզին, Փիթըր Պալաքեանին, Էնտրիւ Վուլֆորտին, Ալեքս Հինթընին, Ռաֆիքի Ուպալտոյին եւ Սուրէն Մանուկեանին՝ գիտաժողովի կազմակերպման առումով իրենց ունեցած աւանդին համար:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է Հայփոստի կողմէ թողարկուած, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հաստատութեան կողմէ 8-12 Յուլիսին հիւրընկալուած Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան երեւանեան համաժողովին նուիրուած բացիկներու հրապարակում:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ