Արցախցի 3 մարզիկներ պիտի մասնակցին Պէյճինկի քոնկ ֆուի աշխարհի ախոյեանութեան

By Asbarez | Wednesday, 15 July 2015

0715kungfu

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Արցախի մարզիկները պիտի մասնակցին Չինաստանի մայրաքաղաքին մէջ կայանալիք քոնկ ֆուի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 17-22 Յուլիս: Այդ մասին յայտնած է միջազգային կարգի մարմնակրթութեան վարպետ, Լեռնային Ղարաբաղի ուշուի դաշ-նակցութեան գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Գրիգորեան։ Այս մասին կը գրէ <<Արցախփրէս>>ը։


Անոր համաձայն՝ Քոնկ ֆուի միջազգային դաշնակցութեան կազմակերպած ախոյեանութեան պիտի մասնակցին աւելի քան 80 երկիր ներկայացնող մարզիկներ: Արցախ պիտի մասնակցի 3 մարզիկով: 18էն բարձր տարիքային խումբի մինչեւ 52 քկ. ծանրութեան դասակարգէն հանդէս պիտի գայ աշխարհի ախոյեան Վարդգէս Մանասեան, Հայկ Խաչեան պիտի պայքարի 17-18 տարիքային խումբին մէջ (մինչեւ 56 քկ.), իսկ Հայկ Գասպարեան՝ 15-16 տարիքային խումբին մէջ (մինչեւ 56 քկ.)։


<<Վերոյիշեալ մարզիկներն այս տարի դարձել են Հայաստանի Կունգ ֆու սանդայի յաղթողներ, ինչի արդիւնքում հրաւիրուել են մասնակցելու աշխարհի պեկինեան առաջնութեանը>>, յայտնած է Գրիգորեան:


Խօսելով նպատակադրումներուն մասին՝ գլխաւոր մարզիչը ընդգծած է, որ կ՛ուզէ առաջին հերթին աշխարհին ապացուցել, թէ Արցախի մարզիկները իրենց պատրաստուածութեամբ չեն զիջիր միւս մարզիկներուն։


<<Բացի այդ, մեզ համար կարեւոր է փորձի փոխանակումը, առաւել եւս, որ այդ սպորտաձեւի հայրենիքը Չինաստանն է>>, աւելցուցած է Գրիգորեան: Ան համոզուած է, որ Պէյճինկի մէջ կայանալիք այս ախոյեանութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման:

 


comments

Advertisement