By Asbarez | Thursday, 16 July 2015
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Մարսէյի փոխքաղաքապետ Տիտյէ Փարաքեանի, Մարսէյի մօտ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշի եւ Մարսէյի 11րդ եւ 12րդ շրջակայքի ղեկավար, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէի ուղեկցութեամբ այցելեց հայկական Պոմոն թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր: Քաղաքապետը երեւանեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին յարգանքի տուրք մատուցեց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Վալերի Պուայէ նշեց, որ Մարսէյի հայկական ու հայաշատ թաղամասին մէջ գտնուող յուշահամալիրը կ՛առանձնանայ ոչ միայն որպէս ճարտարապետական կառոյց, այլեւ առանձնակի խորհուրդ ունի որպէս պատմական ուղեցոյց՝ ինչպէս տեղի հայ համայնքի, այնպէս ալ Մարսէյի ամբողջ բնակչութեան համար: Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին ներկայացուեցաւ նաեւ յուշահամալիրի հարեւանութեամբ այս տարի տեղադրուած յուշաքարը, որ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ հայ մայրերուն ու անոնց ժառանգներուն իւրովի խոնարհումն է՝ ի յիշատակ 1915ին զոհուած հայ կանանց:
Տեղւոյն վրայ Երեւանի քաղաքապետը ծանօթացաւ նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք իրենց գոհունակութիւնը փոխանցեցին Տարօն Մարգարեանին՝ Երեւանի եւ Մարսէյի վերջին տարիներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար, ընդգծելով, որ երկուստեք փոխգործակցութիւնը շատ կարեւոր է մարսէյահայութեան համար: Տարօն Մարգարեան, իր հերթին, վստահեցուց, որ երկու քաղաքներու փոխյարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են ու պիտի շարունակեն ամրապնդուիլ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ