Անթիլիասի մէջ միջ-եկեղեցական աղօթք նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն

By Asbarez | Tuesday, 21 July 2015

0000ANTILIAS

Կիրակի, 19 Յուլիսի առաւօտուն, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին:


Պատարագին ներկայ էին Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, պետական անձնաւորութիւններ, Լիբանան ժամանած ուխտաւորներ եւ հոծ թիւով հաւատաւոր ժողովուրդ:

Օրուան պատգամը փոխանցեցին ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թաուատրոս Բ. պատրիարքը եւ վերոյիշեալ արարողութիւններուն ու ձեռնարկներուն Ֆրանսիս պապի ներկայացուցիչ կարտինալ Քըրթ Քօխ ընթերցեց այս առիթով պապին յղած յատուկ պատգամը: Յանուն բոլոր եկեղեցական հիւրերուն՝ անոնք ողջունեցին ու շնորհաւորեցին Արամ Ա. հայրապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տրուած հրաւէրին եւ այս մասնաւոր պատիւին: Անոնք իրենց հոգեւոր ցնծութիւնը արտայայտեցին հայ եկեղեցւոյ հռչակած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման համար:

Պատարագի աւարտին, նոր օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Ապա, ներկայ բոլոր հոգեւոր պետերուն եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, բոլոր եկեղեցականները թափօրով ուղղուեցան Անթիլիասի Սրբոց Նահատակաց մատուռը, ուր ծաղիկներ զետեղեցին նահատակ սուրբերու մասունքներուն առջեւ: Ներկայ ժողովուրդը խնդրելով նահատակ սուրբերուն բարեխօսութիւնը՝ անգամ մը եւս վերանորոգեց Աստուծոյ եւ հայ եկեղեցւոյ իր հաւատարմութեան ուխտը:

Ժողովուրը նաեւ բաժին ունեցաւ օրհնուած ջուրէն, զոր իրենց տուները տարին։


comments

Advertisement