Նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է առաջնագիծ

By Asbarez | Thursday, 23 July 2015

0723seyran

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - 21-22 Յուլիս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է հարաւ-արեւմտեան սահմանագօտիի զօրամասեր:
Ան նախ եւ առաջ այցելած է առաջնագիծ, եղած է տարբեր դիրքերու մէջ, տեղւոյն վրայ ուսումնասիրած գետնի վրայ տիրող իրավիճակը, դիրքերուն մէջ տեղի ունեցող մարտավարական եւ ծառայողական փոփոխութիւնները: Սէյրան Օհանեան իրեն ուղեկցող բարձրաստիճան հրամանատարներուն հետ քննարկած է մարտական ծառայութեան եւ կազմակերպչական հարցեր, լսած է անոնց զեկոյցները, տուած համապատասխան հրահանգներ:
Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան:

 

comments