By Asbarez | Friday, 24 July 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Յուլիս 23ին, ՀՀ փոխադրամիջոցներու եւ կապի փոխնախարար Արթուր Առաքելեան լրագրողներուն յայտնած է, որ Իրան-Հայաստան երկաթուղիի նախագիծը ընթացքի մէջ է:
<<Դա բարդ ու թանկ նախագիծ է, եւ անհրաժեշտ է, որ պետութեան աջակցութիւնը լիամասշտաբ լինի: Մենք համաձայն ենք օգնել նախագծին, բոլոր միջոցներով: <<Ռուսական երկաթուղի>> ընկերութեան ղեկավար Վլատիմիր Եակունին <<ՌԵՈՒ>>ի կայքում տեղադրել է նման յայտարարութիւնների հերքումը: Նախագծով հետաքրքրուած են նաեւ այլ օտարերկրեայ ընկերութիւններ>>, ըսած է փոխնախարարը՝ հերքելով այն տեղեկութիւնները, թէ նախագիծը շահաւէտ չէ:
<<Նիուզ>> կը նշէ, որ Հայաստանի ֆինանսներու նախարարութեան <<Երկաթուղու շինարարութեան տնօրինութիւն>> ընկերութեան տնօրէն Աշոտ Շահնազարեան յայտնած էր, թէ երկաթուղիի շինարարութեան ժամկէտը 6 տարի է, ծախսածածկումը՝ 28 տարի, շահագործումը՝ 50 տարի: Կ՛ակնկալուի, որ աշխատանքները յառաջիկայ ամիսներուն սկսին: Շինարարութեան ամբողջական արժէքը մօտաւորապէս 3.5 միլիոն տոլար է:
Ենթադրաբար, Իրան-Հայաստան երկաթուղիի հայկական հատուածի երկարութիւնը 316 քլմ. պիտի ըլլայ: Անիկա Իրանի հետ սահմանէն (Մեղրի) պիտի հասնի Սեւանայ լիճէն ոչ շատ հեռու գտնուող Գագարին գիւղը, ուր պիտի միանայ արդէն իսկ գործող երկաթուղիին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ