By Asbarez | Saturday, 25 July 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Վերջին օրերուն, հայ-ատրպէյճանական սահմաններուն վրայ լարուածութիւն կը նկատուի, կրակոցներու թիւը աւելցած է, հակառակորդը ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի սահմանամերձ բանակավայրերուն ուղղութեամբ կը կրակէ՝ օգտագործելով նաեւ խոշոր տրամաչափի ականանետեր:
Յուլիս 24ին, լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հակառակորդի աշխուժութիւնը բացատրեց քանի մը տարբեր հանգամանքներով:
<<Լարուածութեան վրայ ազդում են թէ՛ ներքաղաքական, թէ՛ միջազգային զարգացումները, որոնք կան տարածաշրջանում, միջազգային <<արէնա>>ում, ինչպէս նաեւ՝ հակառակորդի մօտ ներքաղաքական ու ներտնտեսական որոշակի պայմանները>>, բացատրած է ան:
<<Իրավիճակը թէ՛ ԼՂ տարածքում, եւ թէ Հայաստանի սահմաններին վերահսկւում է հայկական ստորաբաժանումների կողմից: Այսօր հայ զինուորն ունի բարձր մարտական ոգի, հայկական բոլոր ստորաբաժանումները օժտուած են համապատասխան բարոյահոգեբանական վիճակով>>, ըսած է պաշտպանութեան նախարարը եւ կոչ ըրած ժողովուրդին վստահ ըլլալու, որ հայկական բանակը կատարած է ու պիտի շարունակէ կատարել իրեն դիմաց դրուած պարտականութիւնտը՝ ապահովել հարազատներու խաղաղութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ